2015-03-24 12:04:00

Մարտիրոս միսիոնարներու յիշատակին ՝ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 մարտին, կը նշուի աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրը` մարտիրոս առաքեալներու ի յիշատակ։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Քահանայապետական միսիոնարական գործունէութիւններու երիտասարդական շարժումի կողմէն,  ոգեկոչելով  Սան Սալվատոր թեմի Արքեպիսկոպոս` Օսքար Արուլֆօ Ռոմէրոյի տարելիցը, սպաննուած 24 մարտ 1980ին, եւ  որուն երանացման արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 23 մայիս 2015-ին։

Վերոնշեալ ձեռնարկին նպատակն է՝ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ  յիշատակել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ սպաննուած միսիոնարները, ինչպէս նաեւ Աւետարանի վկայութեան ի սպաս իրենց արիւնը թափած ՝  Հովուական գործիչները։

Ֆիտէս լրատու գործակալութեան տուեալներու համաձայն, 1980 թուականէն մինչեւ 2014 թուական՝  սպաննուած են 1602 միսիոնարներ։  Միայն 2014 տարուան ընթացքին, սպաննուած են 26 հովուական գործիչներ որոնցմէ 17 քահանաներ, 6 կրօնաւորներ, 1 նորընծայ  եւ  մէկ աշխարական ։








All the contents on this site are copyrighted ©.