2015-03-23 14:59:00

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ


Քառասնորդաց Զ. շաբաթ՝ Գալստեան շաբաթ (22-29 Մարտ 2015)

(Ռատիօ Վատիկան) Քառասնորդացի վեցերորդ շաբաթը կը կոչուի Գալստեան շաբաթ եւ նուիրուած է Յիսուսի-Քրիստոսի Բ. գալստեան, երբ աշխարհի վերջը պիտի գայ, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այս շաբթուայ ընթացքին կը կարդացուին զանազան բժշկութիւններու աւետարաններ. Իսկ քառասնորդաց 40-րդ օրը, որ կը հանդիպի ուրբաթ օր, կը կարդացուի Յիսուսի խաչելութեան պահուն իր կատարած յանձնումը իր մօրը` Յովհաննէս առաքեալին, եւ Յովհաննէսը կարգելով իր տեղ` որպէս որդի Մարիամի։ Խաչելութեան յիշատակէն մէկ շաբաթ առաջ արդէն` Հայ Եկեղեցին կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի մայրը փրկչակից եղաւ իրեն, խաչին տակ։

Կիրակի օրուան աւետարանը մեզ կը հաղորդէ սիրոյ պատգամը Քրիստոսի, թէ ինչպէս, աստուածսիրութիւնը ամենամեծ պատուիրանն ըլլալով հանդերձ` եղբայրսիրութիւնը կարելի չէ բաժնել անկէ։ Երկուքը միասին կը կազմեն հիմը բոլոր օրէնսդրութեան։ Իսկ ով որ խոնարհեցնէ ինքզինք, ան պիտի բարձրանայ։

Մեզի կը սորվեցնէ նաեւ զգուշանալ անոնցմէ որոնք, նման փարիսեցիներուն` իրենց կրօնասիրութիւնը կ՛իրագործեն պարզապէս երեւնալու համար ժողովուրդէն։ Մարդ եթէ պիտի պաշտէ զԱստուած, բոլոր սրտանց պէտք է կատարէ զայն։

Չորեքշաբթի 25 Մարտին կը տօնենք ՜՜Տիրամօր Աւետումը՝՝...

Ընդունուած գեղեցիկ աւանդութեան մը համաձայն, երբ Մարիամ օր մը դարձեալ ըստ սովորականին խորասուզուած էր սրբազան մարգարէութիւններու սերտողութեանց մէջ, եւ ճիշդ այդ պահուն որ կը խորհրդածէր Եսայեայ մարգարէութեան այն հատուածին մասին ուր գրուած էր թէ ՜՜Տէրը ինք նշան պիտի տայ ձեզի. ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչէ՝՝ անակնկալօրէն աստուածային պատգամ մը կը փոխանձուի Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ։ Ողջոյն քեզ, շնորհքներով լի, Տէրը քեզի հետ։ Ու երբ Գաբրիէլ կը զգայ թէ երկիւղ մը կը պատէ Մարիամը այս անակնկալ ողջոյնին դիմաց, կը հանդարտեցնէ ու կ՝ըսէ. ՝՝Մի վախնար, Մարիամ, վասնզի Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտար... պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս անոր անունը Յիսուս պիտի կոչես... Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր Հօրը ՝ Դաւթի աթոռը... անշուշտ երբ Մարիամ հարց տայ թէ ինչպէս կարելի է որ ինք յղանայ ... քանի որ այր չէ ճանչցած ... պատգամատու հրեշտակը կը ճշդէ. ՜՜Ս. Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ եւ բարձրեալին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի. որովհետեւ Սուրբը որ քեզմէ պիտի ծնի՝ Աստուծոյ որդի պիտի կոչուի՝՝։

Ղուկաս աւետարանիչը կ՝ըսէ թէ ՜՜Մարիամ շուտով կը համակերպի հրեշտակի պատգամին ու կ՝ըսէ. ՜՜Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի...՝՝։

Շաբաթ օր`28 Մարտին, Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։ Ղազարոս Յիսուսի բարեկամն էր, որ մահացած էր եւ գերեզման դրուած 4 օրէ ի վեր։ Յիսուս եկաւ եւ զինք դուրս կանչեց գերեզմանէն։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ այս զգայացունց հրաշքը, շատերը սկսան հաւատալ իրեն, ինչ որ նախանձը գրգռեց Փարիսեցիներուն ու Քահանաներուն. Այդ օրէն սկսեալ անոնք որոշեցին Յիսուսը սպաննել տալ, Հռոմէական իշխանութենէ խնդրելով որ զինք դատապարտէ մահուան։ Այս օր` Երեկոյեան ժամերգութեան ատեն, խորանի վարագոյրը հանդիսաւորապէս կը բացուի երբ դպիրները կ՛երգեն օրուան շարականը։

Կիրակի 29 Մարտ՝ Ծաղկազարդ է... Քրիստոսի Փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ... որմէ ետք կը սկսի Աւագ Շաբաթը։

Միջագետքի Եկեղեցին

Այս Եկեղեցին, որուն կը միանայ նաեւ Պարսից Եկեղեցին, աւելի քաղդէական ծէսի պատկանող եկեղեցին է, որ կոչուած է նաեւ արեւելեան ասորի եկեղեցի։ Անոնց մէջ շատ մը նահատակ սուրբեր կը գտնենք, որովհետեւ Պարսիկները մահով կը պատժէին բոլոր անոնք որոնք կրակապաշտութենէն դէպի քրիստոնէութիւն դարձ կը կատարէին։ Ունեցած է նաեւ մեծ հայրապետներ, զոր օրինակ Յակոբ Մծբնայ հայրապետը որ հօրաքրոջ որդին էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։ Նաեւ նշանաւոր է Ս. Եփրեմ Խուրին։ Իսկ Պարսկաստան նահատակուած մեր մեծ սուրբերէն է Սուրբ Սարգիսը, իր Մարտիրոս որդիին եւ 14 դարձի եկած պարսիկ զինուորներու հետ։

Սուրբ Թովմասն է հիմնադիրը այս Եկեղեցւոյ, որ, շարունակելով իր ճանապարհը, հասած է մինչեւ Հնդկաստան, ուր այսօր տակաւին կը ծաղկին երկու Եկեղեցիներ, մին` ասորական ծէսով, կոչուած Մալանքար Եկեղեցի, իսկ միւսը` քաղդէական, կոչուած Մալապար Եկեղեցի։ Հայ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները այս Եկեղեցւոյ հետ աւելի հազուադէպ եղած են, հեռաւորութեան պատճառաւ։

Յիշենք նաեւ Եւթոպիոյ Եկեղեցին, որ կախեալ է Ղպտիներէն, այսինքն Աղեքսանդրիոյ աթոռէն, սակայն Առաքելոց Գործերէն գիտենք թէ առաջին Եւթոպացին որ դարձի եկաւ Փիլիպպոս Առաքեալի ձեռամբ` Եւթոպիոյ թագուհիին ներքինին էր, որ իր երկիրը վերադառնալով, քարոզեց Քրիստոսի աւետարանը։ Այս Եկեղեցիէն` մեր Յայսմաւուրքը կը յիշէ միայն Խարեթեանց 10.200 նահատակները, 6-րդ դարուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.