2015-03-23 15:04:00

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն` Զ. Կիրակի Քառասնորդաց


Անցած կիրակի օր Քրիստոս մեզի խօսեցաւ աղօթելու ձեւին մասին, որուն յատկութիւններէն մին է յարատեւութիւնը: « Միշտ պէտք է աղօթել ու բնաւ չվհատիլ», կը թելադրէ մեզի Քրիսոտս : Որովհետեւ ով որ կը յարատեւէ բանի մը մէջ` անպայման օր մը պիտի հասնի իր կէտ նպատակին: Աղօթքէն զատ չարը խափանելու ուրիշ որեւէ միջոց չունինք: Աղօթքը կեանքի բոլոր հարցերուն բանալին է. երկինք առաջնորդող միակ ճանապարհն է :

Իսկ այսօր, Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ սիրոյ: Մեծագոյն պատուիրանը ՍԷՐՆ է: ԶԱստուած եւ մերձաւորը սիրել: Աստուածասիրութիւնը եւ ընկերասիրութիւնը անբաժան իրականութիւններ են: «Աստուած Սէր է. Ան որ սիրոյ մէջ կը մնայ, կը բնակի Աստուծոյ մէջ եւ Աստուած կը բնակի անոր մէջ » : ( 1 Յով. 4, 16)

«Լսէ Իսրայէլ. Աստուած մեր Տէրն է. Պիտի սիրես Քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ հրեային արօրեայ աղօթքն է, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնեն իրենց ամբողջ էութեան մարմնացումը :

Սիրել զԱստուած ամբողջ սրտով կը նշանակէ` խոստովանիլ Աստուծոյ որ մեր սրտին մէջ ոչ ոք կրնայ իր տեղը գրաւել` ոչ դրամը, ոչ իշխանութիւնը, ոչ պատիւը, ոչ գործը, ոչ ընտանիքը, ոչ ընկերներս եւ ոչ ալ իմ եսը:

Սիրել զԱստուած ամբողջ հոգիով կը նշանակէ` որ ես միշտ պատրաստ եմ իրեն համար իմ հոգիս զոհելու: Որ առանց իրեն, կեանքս եւ հոգիս տխուր է ի մահ: Երբ մէկու մը կը խոստովանինք ըսելով. « Դուն հոգիս ես» կը նշանակէ որ ան մեր կեանքին իմաստ տուողն, մեր շնչարութիւնն է: Այդ թոքն է որմէ շունչ կ՛առնենք :

Սիրել զԱստուած բոլոր մտքով կը նշանակէ` որ Աստուած իմ ամբողջ մտքիս կեդրոնը պէտք է ըլլայ: Իմ բոլոր մտածումներս, խօսքերս ու գործերս պէտք է կեդրոնան Աստուծոյ շուրջ : Այսինքն միշտ բարին խորհիլ, միշտ լաւը խօսիլ եւ նաեւ բարին գործել :

Սակայն ԶԱստուած սիրելու չափ կարեւոր է Ընկերսիրութիւնը : Ինչո՞ւ Քրիստոս Աստուած սիրելու նոյնքան կարեւոր կը դասէ ընկերսիրութիւնը : Այս հարցումին պատասխանը կը գտնենք Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակին մէջ: Որով մարդիկ կան ինչպէս փարիսեցին որոնք կեղծաւոր են, իրենք զիրենք արդար, սուրբ, բարեպաշտ կը համարեն եւ կ՛արհամարեն եւ կը ստորագնահատեն ուրիշները: Հետեւաբար, Քրիստոս կու գայ ըսելու. ով մարդ ի գործ դիր քու հաւատքդ: Ինչպէս ԶԱստուած կը սիրես որ չես տեսներ, իսկ եղբայրդ որ ամէն օր կը տեսնես, հետը կ՛ուտես, հետը կ՛աղօթես, հետը կը սորվիս... կ՛արհամարես:

«Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանին մէջ կոչ կայ իմանալու ո՞վ է ընկերս : Արդեօք ինծի նիւթական շահ ապահովողն է, ինծի պտոյտի տանողն է... կամ այդ անձն է որուն կրնամ վստահիլ... այդ անձն է, որով կողքս կը մնայ երբ ամէն մարդ զիս կը լքէ: Այդ անձն է որ զիս լաւ կը ճանչնայ եւ զիս կ՛ընդունի ինչպէս որ եմ, հակառակ բոլոր դերութիւններուն...

«Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանին մէջ կոչ կայ նաեւ սիրելու անձս : Որքան ատեն որ ես իմ անձիս հետ հաշտ չեմ, իմ անձէս չեմ ախորժիր, չեմ կրնար դիմացինս սիրել: Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. « Սիրէ եւ ուզածդ գործէ»: Կը նշանակէ բոլոր գործերուդ մէջ սէր դիր :

Ահաւասիկ ուրեմն այսօրուայ պատգամը` Պիտի սիրես Տէրը եւ ընկերդ: Որքան փորձեց ընկերդ սիրել, այնքան փաստած կ՛ըլլաս թէ դուն Տէրը կը սիրես: Շատ պէտք է սիրել. Ս. Օգոստինոս կ՛ըսէ. « Սիրոյ չափանիշը ` սիրել է առանց չափի»: Հետեւաբար, կեանքի մէջ կարեւոր չէ մեր դիրքդ, վարդապետ ես, բաստաբան ես, բժիշկ ես... քու չափանիշդ Սէրն է : Որքան կը սիրես այնքան աւելի կը սիրուիս եւ արժէք կ՛ունենաս մարդոց սրտին մէջ: Սիրոյ մէջ դիրք չկայ. սիրոյ մէջ կայ խոնարհեցում, կայ զոհողութիւն, ինչպէս որ Քրիստոս մեզ կը պատուիրէ ըսելով. « Ով որ ինքզինք բարձրացնէ պիտի խոնարհի. իսկ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ »:








All the contents on this site are copyrighted ©.