2015-03-10 09:53:00

Ճանապարհ Խաչի խոկումները ''սիրել կը նշանակէ պահպանել''` գերապայծառ Գորդի։


(Ռատիօ Վատիկան) 

Ֆրանչիսկոս Պապը` 2015-ի Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ Խաչիի 14 կայաններու խոկումներն ու աղօթքները յանձնուած են գերապայծառ Renato Corti-ին։

Արդարեւ ամէն տարի, Աւագ ուրբաթ օրը, (այս տարի 3 Ապրիլ) երեկոյեան, Հռոմի  Գոլոսսէումի Անփիթատրոնի մէջ, վայրը ուր տեղի կ’ունենար նահատակութիւնը առաջին դարերու քրիստոնեաներուն,  տեղի կ՛ունենայ ''ճանապարհ խաչիի'' արարողութիւնը Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ ու բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

79 ամեայ Գերապայծառ Գորդի, 10 տարիներ առաջ` Փետրուար 2005-ին, ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի վերջին օրերուն,  հոգեւոր կրթութիւն քարոզած էր Վատիկանի վերին իշխանութեան։

Ան խօսելով Ճանապարհ խաչի խոկումներու շարադրութեան մասին, ըսաւ. ''Ներշնչուած եմ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընտրութեան առաջին բառերէն, այդ օրը ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնն էր` 19 մարտ, եւ Քահանայապետը խօսեցաւ ս. Յովսէփի մասին որպէս Մարիամի ու Յիսուսի պահակը։ Այդ առթիւ Սրբազան Հայրը նկարագրեց խաչը որպէս Աստուծոյ սիրոյն լուսաւոր  գագաթնակէտը` մարդու հանդէպ։ Մենք եւս կանչուած ենք սիրոյ պահակը ըլլալու մարդ անհատին։ Այդ ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալը Եփեսացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը նկարագրէ  Աստուծոյ սիրոյ չափանիշերը որպէս`  տարածութիւն, երկարութիւն, բարձրութիւն ու խորութիւն։ Այս չափանիշերը կերպով մը մաս կը կազմեն բոլոր կայաններուն։ Խոկումներու ընթացքին մասնաւորապէս կ՛անդրադառնամ Աստուծոյ պահակութեան մասին`  Աստուծոյ խօսքը որպէս պահակութիւն, Ս. Հաղորդութիւնը որպէս պահակութիւն, ներումը որպէս պահակութիւն, յոյսի պարգեւը որպէս պահակութիւն։ Նոյնպէս կը խօսիմ պահակութեան մերժումի մասին, զոր օրինակ, չարիքը որ կարելի է հասցնել անչափահասներուն, անգթութիւնը աղքատին, խաղաղութեան սիւնահիմերու մոռացումը, որ ս. Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը կ՛որակեր`  ճշմարտութիւն, արդարութիւն, ազատութիւն ու սէր։

Կը խօսիմ բացայայտօրէն մահապատիժի ու տանջանքի ջնջումի, անմեղներու նկատմամբ կատարուած տմարդկային վերաբերմունքին, անգութօրէն սպաննուած մարդոց, մանուկ զինուորներու եւ մարդոց ոխակալութեան մասին։ Խոկումներու մէջ կը յիշեմ գեղեցիկ ու շինիչ փորձառութիւնները որ յոյս կու տան ժամանակակից մարդուն` միսիոնար կրօնաւորները որոնք կը լքուած մանուկները եւ զինուոր մանուկները կը փրկեն վայրագութենէն, նոր իմաստ տալով անոնց արժանաւորութեան։ Ասոնք են ճշմարիտ նշանները եկող Երկինքի Արքայութեան։

Գերապայծառ Գորդին յայտնեց ապա թէ ''ներկայ միջազգային դժուար, բարդ ու մութ  կացութեան ի տես, Աւետարանը կը մնայ միակը որ կը պաշտպանէ մարդը եւ անհատը։    








All the contents on this site are copyrighted ©.