2015-03-03 11:09:21

Փարիզի մէջ վերջ գտաւ ընկերային հովուական հոգատարութեան մասին հաւաքը։


Անցեալ 26 Փետրուարին, Փարիզին մէջ ժողովեցան Եւրոպայի կաթողիկէ զանազան շարժումներու պատասխանատուները միասնաբար սերտելու ընկերային կեանքի հայող մարտահրաւէրները, որպէսզի կաթողիկէ Եկեղեցին պատշաճօրէն օգնութեան հասնի ընչազուրկներուն։
Ժողովականները, կը կարդանք հրատարակուած վերջին տեղեկագիրին մէջ, կը հրաւիրեն` համագործակցութեան ընկերային հոգին արծարծել, բոլորին բարիքին համար։
Կաթողիկէ Եկեղեցին, Եւրոպային մէջ, հոգատարութեամբ կ’աշխատի օգնութեան հասնելու կարօտեալներուն եւ գործազուրկներուն, հետեւելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խրատին եւ օրինակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.