2015-03-02 13:42:49

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ուղերձը Հիւսիսային Ափրիկէի Եպիսկոպոսներու Հնգամեայ Կանոնական Այցելութեան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, Մարտ 2ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Հիւսիսային Ափրիկէի Եպիսկոպոսները։
Այս առիթով Եպիսկոպոսները Սրբազան Պապին յանձնեցին հովուական թուղթը ՙՅոյսի Ծառաներ՚ տիտղոսով։
Սրբազան Քահանայապետը իր ուղերձին մէջ կ՜ողջունէ եպիսկոպոսները խնդրելով՝ որ իր ողջոյնը փոխանցեն նաեւ իրենց յանձնուած հօտին՝ յատկապէս անոնց, որոնք տառապանքի մէջ կ՜ապրին։ Կը յիշէ՝ որ Ափրիկէի երկիրները վերջապէս կ՜ապրին նշանակալից եղափոխութիւն մը՝ ընձեռելով ժողովուրդին մեծ ազատութիւն։ Սակայն այս եղափոխութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ նաեւ բռնութեան տարածումին։ Յատկապէս կը գնահատէ եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորները եւ աշխարհականները, որոնք հակառակ բազմաթիւ վտանգներու՝ կը ցուցաբերեն քաջութիւն, հաւատարմութիւն եւ յարատեւութիւն։ Այդ անձերը Ս. Աւետարանի վաւերական վկաներն են՝ կը գրէ Սրբազան Պապը, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց ու կը քաջալերէ զանոնք յարատեւելու իրենց ճիգերուն մէջ՝ տալու իրենց նպաստը խաղաղութեան եւ հաշտութեան իրագործման։
Սրբազան Քահանայապետը անոնց երկիրները՝ Մարոք, Ալճերիա, Թունիզ եւ Լիպիա կը նկատէ կարեւոր վայրեր՝ արծարծելու եւ խորացնելու իրենց եղբայրական յարաբերութիւնները։ Հռոմի այցելութիւնը կը նկատէ առիթ մը՝ նորոգելու միասնական ճիգերը՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան ի նպաստ։ Այդ առաքելութիւնը կը կատարուի քահանաներուն՝ եպիսկոպոսներու անմիջական աշխատակիցներուն համագործակցութեամբ։ Ասոր համար անհրաժեշտութիւն մըն է որ եպիսկոպոսները մօտէն հետաքրքրուին քահանաներու կազմաւորումով։
Նաեւ կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները յատուկ տեղ մը կը գրաւեն Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ անոր առաքելութեան մէջ։ Անոնց ապրելակերպը եղբայրական կեանքի վկայութիւնն է։ Կրօնաւորական կեանքի նուիրուած տարին առիթ առնելով՝ Սրբազան Պապը յատուկ կոչ կ՜ուղղէ անոնց, նորոգելու հայեցողական կեանքի կարեւորութեան իրենց գիտակցութիւնը եւ ցոլացնելու իրենց կոչումին գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը։ Ան կը շեշտէ, որ եպիսկոպոսներու առաքելութեան սիրտը եւ յոյսի աղբիւրը՝ Քրիստոսի հետ իրենց ունեցած անհատական յարաբերութիւնն է։
Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ, որ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ հիւսիսային Ափրիկէն տուած է Ս. Կիպրիանոս եւ Ս. Օգոստինոս. իսկ նոր ժամանակներուն մէջ երանելի Շարլ տը Ֆուքո։
Վերջապէս Նորին Սրբութիւնը կ՜անդրադառնայ միջեկեղեցական երկխօսութեան արծարծումին՝ յիշելով Մարոքի մէջ գործող Ալ Մուաֆֆաք միութենական հաստատութիւնը։
Նաեւ միջկրօնական երկխօսութիւնը Սրբազան Պապը կը նկատէ իբր կարեւոր մաս մը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Ան կը դրուատէ եպիսկոպոսները, որոնք իրենց համեստ միջոցներով՝ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ սէրը կը ցուցաբերեն չքաւորներուն, հիւանդներուն, տարիքաւորներուն, կարիքաւոր կիներու եւ բանտարկեալներուն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝ որ անոնք ձեռք երկարած են գաղթականներուն, որոնք կը ժամանեն Ափրիկեան ուրիշ երկիրներէ։
Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսները կը յանձնէ Աստուածածնի հովանաւորութեան եւ Սուրբ Օգոստինոսի եւ երանելի Շարլ տը Ֆուքոյի բարեխօսութեան եւ կ՜օրհնէ զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.