Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2 Մարտի պաշտօնական հանդիպումները։
(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 2 մարտ 2015-ի, առաւօտեան ժամը 10- ին, Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետը յաջորդաբար իր գրասենեակին մէջ ընդունեց UNESCO-ի ընդհանուր տնօրինուի
յանձինս տիկին Իրինա Պոքովան` որմէ ետք Վիեննայի Կառավարական Միջազգային կազմակերպութիւններուն
մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Ժանուսզ Ուրպան։
Նորին Սրբութիւնը ապա
ընդունեց Իրաքի մէջ ինքնավար տարածաշրջանի կառավարութեան վարչապետ` Տիար Նէջիրվան Պարզանի,
հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց հիւսիսային Ափրիկէի Եպիսկոպոսաց դասին որոնք Հռոմ ժամանած
են` Սուրբ Պետրոսի հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ։