2015-03-02 09:57:02

Իրաքի Էրպիլ մարզին մէջ սկիզբ առին կաթողիկէ համալսարանի դասընթացքները։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Քաղդէացի եկեղեցին մեծ վստահութեամբ ու գոհունակութեամբ բացումը կատարեց Էրպիլի կաթողիկէ համալսարանին։ Էրպիլի առաջնորդը Bashar Matti Warda լուրը հաղորդելով ըսաւ որ կաթողիկէ համալսարանը ներկայիս ունի չորս մասնաճիւղեր, ներառեալ տնտեսական ուսուցումի ճեմարանը։ Ան կոչ ըրաւ ուսուցչական մարմնին իր համագործակցութիւնը բերելու Էպրիլի համալսարանին։ Նշենք որ համալսարանի հիմնաքարը զետեղուեցաւ 20 Հոկտեմբեր 2012-ին։
Քաղդէական եկեղեցին տրամադրեց 30 հազար մք. հողաշերտ, համալսարանը բարձրացնելու համար։ Երեք տարիներու աշխատանքէն ետք այսօր համալսարանը բաց է։ Անիկա կը հանդիսանայ դրական նշան մը Իրաքի քրիստոնեայ երիտասարդներուն, որոնք վստահաբար փորձուած են երկրէն հեռանալ ու իրենց ետին թողուլ պատերազմի սարսափը եւ ապագայի անվստահութիւնն ու սպառնալիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.