2015-03-01 11:04:54

2015-ի Մարտ ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաներով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2015-ի Մարտ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի բոլոր անոնք որ յանձնառու են գիտական հետազօտութեան մարզէն ներս, իրենք զիրենք դնեն մարդ էակի բարիքի ծառայութեան ի սպաս''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի միշտ աւելիով ճանչցուի կիներու տուած սատարը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.