2015-02-28 10:13:56

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Ասորիներու առեւանգումը։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը «բուռն կերպով» դատապարտեց «ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ աւելի քան հարիւր ասորիներու առեւանգումը եւ քանդումը պաշտամունքի վայրերու, ներառեալ` եկեղեցիներու»:
Ապահովութեան խորհուրդը արտայայտեց «իր զայրոյթը, որովհետեւ այս ոճիրները անգամ մը եւս կու գան ցոյց տալու վայրագութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի, որ պատասխանատու է հազարաւոր ոճիրներու եւ բոլոր կրօնի, ցեղի եւ քաղաքացիութեան մարդոց դէմ բռնարարքներու` առանց մարդկային կեանքի նկատմամբ որեւէ նկատառումի»:
Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց քաղաքայիններու դէմ բռնարարքները, ներառեալ անոնք, որոնք կը գործուին ցեղային, կրօնական կամ հաւատքի հիման վրայ:
Խորհուրդի անդամները պահանջեցին անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Քայիտայի առնչուած բոլոր միւս խմբաւորումներուն եւ անհատներուն կողմէ առեւանգուած անձերը:
Միւս կողմէ, Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան քննարկման նիստի ընթացքին ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի Քաթարը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը ամբաստանեց ահաբեկչութեան հովանաւորման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.