2015-02-28 10:39:20

Կիրակի օրուայ Աւետարանական ընթերցում Ղուկ 15, 11-32


11 Ապա ըսաւ. «Մարդ մը ունէր երկու որդի:
12 Անոնցմէ *կրտսերը ըսաւ հօրը. “Հա՛յր, տո՛ւր ինծի [քու] ունեցածէդ [ինծի] վիճակուելիք բաժինը”: Ան ալ բաժնեց անոնց [իր] ունեցածը:
13 Շատ օրեր չանցած` կրտսեր որդին ժողվեց բոլոր բաները, *մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, ու հոն փճացուց իր ունեցածը` անառակութեամբ ապրելով:
14 Երբ ծախսեց ամէնը` սաստիկ սով մը եղաւ այդ երկրին մէջ, եւ ինք սկսաւ կարօտութեան մէջ ըլլալ:
15 Ուստի գնաց` այդ երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ. ան ալ իր արտը ղրկեց զայն` խոզ արածելու համար:
16 Կը ցանկար խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց ո՛չ մէկը կու տար անոր:
17 Եւ ինքնիրեն գալով` ըսաւ. “Քանի՜ վարձկաններ կան հօրս [տունը`] հացով լիացած, ու ես հոս սովամահ կը կորսուիմ:
18 Կանգնիմ, երթամ հօրս քով եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ,
19 եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. ըրէ՛ զիս վարձկաններէդ մէկուն պէս»”:
20 Ուստի կանգնեցաւ ու գնաց իր հօր քով: Մինչ ինք դեռ շատ հեռու էր` հայրը տեսաւ զայն եւ գթաց. վազելով` անոր վիզին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զայն:
21 Որդին ալ ըսաւ անոր. “Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու”:
22 Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. “Հանեցէ՛ք առաջին պարեգօտը եւ հագցուցէ՛ք անոր, մատանի՛ դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ` անոր ոտքերը:
23 Եւ բերէ՛ք պարարտ զուարակը, մորթեցէ՛ք, ուտե՛նք ու զուարճանա՛նք.
24 որովհետեւ այս որդիս մեռած էր` եւ վերապրեցաւ, կորսուած էր` ու գտնուեցաւ”: Եւ սկսան զուարճանալ:
25 Անոր երէց որդին արտն էր. երբ եկաւ ու մօտեցաւ տան, լսեց նուագարաններու եւ պարերու ձայնը,
26 ու իրեն կանչելով ծառաներէն մէկը` հարցափորձեց թէ ի՛նչ էր այդ:
27 Ան ալ ըսաւ անոր. “Եղբայրդ եկաւ, ու հայրդ մորթեց պարարտ զուարակը, որովհետեւ ողջ առողջ վերստացաւ զայն”:
28 Իսկ ինք բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել. ուստի իր հայրը դուրս ելլելով` կ'աղաչէր անոր:
29 Ան ալ պատասխանեց [իր] հօր. “Ահա՛ այսչափ տարի է` որ կը ծառայեմ քեզի, ու բնա՛ւ քու պատուիրանդ զանց չըրի. սակայն երբե՛ք ուլ մը չտուիր ինծի` որ զուարճանայի բարեկամներուս հետ:
30 Բայց երբ եկաւ այդ որդիդ` որ լափեց քու ունեցածդ պոռնիկներու հետ, մորթեցիր անոր պարարտ զուարակը”:
31 Ան ալ ըսաւ անոր. “Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս քո՛ւկդ է:
32 Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր` ու վերապրեցաւ, կորսուած էր` եւ գտնուեցաւ”»:








All the contents on this site are copyrighted ©.