2015-02-28 10:16:27

26-28 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Հայ Ժողովուրդի 20-րդ Դարավերջի Տէր-Զօրը


Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ․

Փետրուարի այս օրերուն, 27 տարի առաջ, աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազգային «մաքրազտման» քստմնելի ոճրագործութեան մը, որ պատմութեան սեւ ու անմոռանալի էջերէն մէկը դարձաւ՝ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։
Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ատրպէյճանական ծովեզերեայ քաղաք մը՝ Սումկայիթը «մանրանկար» հոմանիշը դարձաւ… Տէր-Զօրի։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ատրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած թրքատիպ Ոճիրին՝ Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային սպանդին։
Բայց 26-28 Փետրուար 1988ին ոչ ոք, ո՛չ իսկ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը կրնար հաւատալ, թէ քսաներորդ դարավերջին փաստօրէն կը կրկնուէր դարասկիզբի մեծ Եղեռնագործութիւնը՝ այս անգամ թէեւ մանրանկարային տարողութեամբ, այսուհանդերձ ցեղասպանական միեւնոյն մղումներով ու անպատիժ մնացած վայրագութեան սանձարձակ մոլուցքով։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները օրին կմկմալով, բայց քանի մը տարի ետք արդէն բարձրաձայն իրենք կը հաստատէին, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած էր քաղաքի ատրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, որպէսզի 1988ի փետրուարեան այս օրերուն կազմակերպուած յարձակման ենթարկէին քաղաքի հայ բնակչութիւնը։
Միջազգային մամուլի էջերուն այսօր ալ կը յամենան, թէեւ հազուադէպ, 27 տարի առաջ հրապարակուած այնպիսի մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ իբր թէ նախօրէին Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան Պահանջատիրութիւնը պատճառ եղած էր ազգամիջեան լարուածութեան բորբոքումին… հայերու եւ ազերիներու միջեւ։
Իբր թէ Պաքուի իշխանութիւններու կողմէ ծրագրուած ու կազմակերպուած չէր Սումկայիթի Ջարդը՝ ազդարարելու եւ սարսափեցնելու համար ինքնորոշման իր սահմանադրական իրաւունքը պահանջող արցախահայութիւնը։
Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ատրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ, որպէսզի ամբոխային գրգռութեանց քողով ծածկուի հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ, այդ սպառնալիքով, Սումկայիթի եւ ամբողջ Ատրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ատրպէյճանեան մեծ ոճիրը։
Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած, նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում եւ եռօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին…
Որոշապէս կը տրուի գլխաւոր դահճապետ Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին անունը, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու Սումկայիթեան Փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները։
Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը անկասկած ունեցաւ նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։ Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ատրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ խուսափելով հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք ճշդելէ, անհրաժեշտ հատու եւ զսպիչ հարուածը չտալով յանցագործներուն։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին մինչեւ իսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերու թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ ազերի ջարդարարները աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին։
27 տարիներ անցած են Սումկայիթի սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան սեւ օրերէն։ Հայեւատրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին։ Բուն կռուախնձորը՝՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ Հանրապետութիւնը հաստատած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ’եռայ ատրպէյճանեան իշխանութեանց երակներուն մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք։
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կþոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի թրքատիպ եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին։
Մեր ժողովուրդը այսօր նաեւ բողոքի ցոյցերով եւ քաղաքական ելոյթներով հանդէս կու գայ աշխարհի բոլոր ծագերուն, յատկապէս մեծապետական ուժի կեդրոններուն առջեւ՝ Սումկայիթի Սպանդին դատապարտումը եւ պատժումը պահանջելով։
Մինչեւ որ անմեղ հայոց արիւն թափող թշնամին խոնարհի եւ ընդունի Հայկական Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։

Քաղուած Եռագոյնէն







All the contents on this site are copyrighted ©.