2015-02-27 13:18:12

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի աղօթքը Սուրիոյ հարստահարուած քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 27 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, վերադարձ կատարեց Վատիկան, Քառասնորդացի աւանդական մէկ շաբթուայ հոգեւոր կրթութեան աւարտին։
Առաւօտեան ժամը 7,30ին ''Աստուածային վարդապետի Տուն'' կեդրոնին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը ու Իրեն հետ համապատարագող կղերական դասը յատուկէն յիշեցին եւ սուրբ ու անմահ զոհը մատուցեցին Սուրիոյ, Իրաքի եւ աշխարհի հալածուած բոլոր քրիստոնեաներու դիտաւորութեան ի տես վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած վայրագութիւններուն ու հարստահարումին։










All the contents on this site are copyrighted ©.