2015-02-27 09:50:53

Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները Քահանայապետական Տան Րէտեմթորիս Մաթեր Մատրան մէջ` ՝՝Երկու թոքեր մէկ շունչ՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 09.00ին, Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ, սկիզբ առին քառասնորդացի շաբաթական խորհրդախական նիստերը զոր կը կատարէ Քահանայապետական տան քարոզիչը` Հայր Ռանիէրօ Քանթալամէսսան որ այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրած է` ''Երկու թոքեր , մէկ շունչ, արեւելք եւ արեւմուտք միացած միեւնոյն դաւանած հաւատքին մէջ''։
Osservatore Romano վատիկանեան օրաթերթիւն հետ ունեցած զրոյցին ընթացին Հայր Ռանիէրօ, յայտնած է թէ այս ընտրանքը կատարած է ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ու այդ հանիպումէն բխած հրաւերէն՝ ՝՝Լիուլի բաժնեկցելու հաւատքը զոր կը միացնէ Արեւմուտքը Արեւելքին՝՝, ''Հրաւէր մը որ միայն Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրն չէ այլ համայն Քրիստոնէութեան'', հաստատած է Հայր Քանթալամէսսա ակնարկելով թէ այս ընտրութեամբ ուզած է նաեւ իր ծոքր սատարը տալ այս բայձանքը իրականացնաելու համար։ Հայր Ռանիէրօն ապա մատնանշած է թէ խորհրդածութեան նիւթի տիտղոսը ընտրած է ներշնչուելով ՅՊԲ քահանայապետի խօսքէն ''Ինչպէս՝ մարդու մարմինը , նաեւ Քրիստոսի մարմինը՝ Եկեղեցին, պէտք է երկու թոքերով շնչէ''։
Մինչեւ այսօր՝ համամիութենական շարժումի համար առաջնահերթ եղած է նախ յաղթայարել տարբերութիւնները։ Այժմ, համամիութեան ուղեկցութիւնը կ՛ընդանայ մեզ համախմբող հարցերու շուրջ` զանոնք բաժնեկցելով, որպէսզի ապա եղբայրական ու յարգալիր մթնոլորտի մէջ դիմագրաւենք տարբերութիւննեն ու զանազանութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.