2015-02-27 09:54:40

Վերջ գտաւ Վատիկանի վերին իշխանութեան քառասնորդացի աւանդական հոգեւոր կրթութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի` 22 փետրուար 2015-սկիզբ առած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մասնակցութեամբ, Վատիկանի վերին իշխանութեան քառասնորդացի աւանդական հոգեւոր կրթութիւնը որ տեղի ունեցաւ
Հռոմի շրջակայքը գտնուող Առիչչա շրջանի ''Աստուածային վարդապետի Տուն'' անուամբ կեդրոնին մէջ, եւ որուն քարոզիչը հանդիսացաւ Քարմելիթան միաբանութեան անդամ` հայր Պրունօ Սէքոնտին։
Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին ընդհատուած էին Ֆրանչիկսոս Պապին հրապարակային ու առանձնական բոլոր գործունէութիւնները։
Այսօր` ուրբաթ 27 փետրուարի առաւօտեան 7,30-ին, ''Աստուածային վարդապետի Տուն'' կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ համապատարագը որուն յաջորդեց նախաճաշը եւ Հոգեւոր Կրթութեան եզրափակումը որպէս խորհրդածութեան նիւթ ունենալով ''Ընկալել Եղիային պտամուճանը` եղբայրութեան մարգարէներ''։
Ժամը 10,30-ին Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն գործակիցները վերադարձ կատարեցին վատիկան։
նախ քան Հոգեւոր Կրթութիւնը աւարտելը, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչ` Հայր Պրունօ Սէքոնտինին, մաղթանք յայտնելով որ Տէրը աճեցնէ այն սերմերը զոր իր քարոզներով սերմանեց ու ''կը մաղթեմ – ըսաւ Քահանայապետը որ այս վայրէն դուրս գանք Եղիայի պատմուճանի մէկ կտորը ունենալով մեր ձեռքերուն ու մեր սրտերուն մէջ'' - Շնորհակալութիւն Վարդապետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.