2015-02-27 09:41:46

Երուսաղէմ – քրէական հրդեհ մը օրթոտոքս աստուածաբանական դպրեվանքին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի արշալոյսին հրդեհային մահափորձ մը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ վնասելով օրթոտոքս եկեղեցւոյ աստուածաբանական դպրեվանքը։ Հրդեհը այրեց դպրեվանքին դահլիճը ու անոր յարակից սենեակները։ Ոճրագործները դպրեվանքի պատերուն վրայ նախատական խօսքեր գրած են Քրիստոսի դէմ եբրայեցերէն լեզուով։
Ս. Երկրի կրօնական հաստատութիւններու խորհուրդը, որուն կը յարի Իսրայէլի աւագ րաբունապետութիւնը, անմիջապէս դատապարտեց քստմնելի արարքը։
Ոստիկանութիւնը վատ արարքը կը վերագրէ հրեայ ծայրայեղականներուն, որոնք անցեալին նման արարքներ գործադրած են վանքերու, եկեղեցիներու ու քրիստոնեայ գերեզմանատուներու մէջ։ Նոյն ծայրայեղ խումբերը անցեալին յարձակումներ կատարած են նաեւ մզկիթներու դէմ։ Անցեալ երկուշաբթի օրը անոնք հրդեհած են Բեթղեհէմէն ոչ հեռու մզկիթ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.