2015-02-27 10:53:15

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Տնօրէնը կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւնները Մուսուլի թանգարանին մէջ


ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոքովա դատապարտած է «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԷՇ) ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւնները Իրաքի Մուսուլ քաղաքի թանգարանին մէջ:
«Շոքի մէջ եմ տեսագրութիւնը դիտելէն ետք», – ըսած է Պոքովա:
Համացանցին մէջ յայտնուած տեսագրութենէն կ՛երեւի, թէ ինչպէս ջարդուփշուր կ՛ընեն Մուսուլի թանգարանի արժէքաւոր արձանները:
Բոքովա կատարուածը կը համարէ միտումնաւոր գրոհ Իրաքի հազարամեայ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ: «Իսլամական պետութեան» գործողութիւնները կը խախտեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրը, որ կը քննադատէ մշակութային արժէքներու նկատմամբ բռնութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.