2015-02-26 13:17:36

''Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ Սուրիայի քրիստոնեաներուն համար'' կը յայտնէ Դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Զէնարի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռատիովատիկանի հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին գերապայծառ Զէնարի, դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակը, խօսած է Սուրիոյ ողբերգական իրավիճակի մասին եւ յատկապէս Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ապրած դժոխային կացութեան մասին։
Հարցազրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Զէնարի հաստատած է թէ Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ հարցին ու թէ հոգեւոր կրթութեան ընթացքին եւս անպայման իր աղօթքներով կը միանայ սուրիոյ ժողովուրդի տառապանքներուն։
Դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակը ապա ընդգծած է թէ ''փոքրամասնութիւնները ու յատկապէս քրիստոնեաները կ՛ապրին վախի մէջ ու վտանգի տակ եւ թէ իրենք զիրենք լքուած կը զգան միջազգային հասարակութենէն'' եւ այս առընչութեամբ կոչ ուղղած է բազմապատկելու ջանքերը լուծում մը գտնելու համար հակամարտութիւններուն ու վերջ տալու այս անորոշ ու մարդկայնական գետնի վրայ աղէտալի ու վտանգաւոր իրավիճակին։
Գերապայծառ Զէնարի յայտնած է նաեւ թէ Սուրիոյ մէջ կան երկու ճակատամարտեր` մէկը քաղաքացիական պատերազմն է` որ 5 տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ որ արդեն պատճառած է 200 հազար զոհ, 1 միլիոն վիրաւոր եւ 7 միլիոն գաղթական, իսկ միւսը` ՏԱՀԵՇ-ի գործադրած վայրագ արարքներն են։ Մէկը միւսէն աւելի սարսափելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.