2015-02-26 08:23:40

Մեծ Պահքի եօթը Կիրակիները։


Մեծ Պահքն ունի եօթը Կիրակիներ որոնք ունին իրենց յիշարժան օրերը՝ Բուն բարեկենդան, Արտաքսման,
Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ: Ժողովրդական սովորութեան համաձայն՝ Մեծ Պահքի կէսը՝ Միջինքի օրը, բաղարջ հացի կարկանդակ կը պատրաստեն, որու մէջ մետաղադրամ կը դնեն: Սովորութեան համաձայն՝ բաժին հասնող մետաղադրամը յաջողութիւն կը բերէ:
Ի տարբերութիւն այլ եկեղեցիներու, որոնք պարզապէս կը թուակարգեն Մեծ պահքի 7 Կիրակիները, Հայաստանեայց Եկեղեցին սուրբ գրային հիմք ունեցող իւրայատուկ անուններով ու խորհուրդներով օժտած է այս Կիրակիները որոնք կը կազմեն խորհրդանշական շղթայ մը՝ արտացոլացնող մարդու դրախտային կեանքի, պատուիրանազանցութեան ու անկման, Աստուածորոնումի եւ Աստուածային նախախնամութեամբ փրկագործութեան ողջ ընթացքը:
Պահքերու (բացառութեամբ օրապահքերու) նախորդ օրերը կը կոչուին «բարեկենդան», իսկ Մեծ Պահքին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանը: Բարի կենդանութիւն, այսինքն` բարի, անհոգ եւ երջանիկ կեանք. այս իմաստն
է ամփոփուած «բարեկենդան» անուան մէջ, որ առաւելագոյնս արտայայտուած կը տեսնենք Բուն Բարեկենդանի խորհուրդին մէջ, որը Մեծ Պահքի առաջին Կիրակին է եւ կը պատկերացնէ մարդու դրախտային երանաւէտ կեանքը: Այս խորհուրդը կ’երեւի նաեւ սնունդի օգտագործման մէջ, որովհետեւ Բուն Բարեկենդանը կենդանական եւ ճոխ ուտելիք գործածելու վերջին օրն է:
Մեծ պահքի երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման եւ կը խորհրդանշէ մարդու` դրախտէն արտաքսուիլը եւ Աստուծոյ տեսութենէն զրկուիլը: Ահաւասիկ, այս կը խորհրդանշէ բոլոր Մեծ Պահքի շրջանին եկեղեցիներու վարագոյրներու փակ մնալը եւ Ս. Հաղորդութիւնէն հաւատացեալներու անմասն մնալը:
Երրորդ Կիրակին կը կոչուի Անառակի եւ կը մատնանշէ առ Աստուած դառնալու եւ կորուսեալ դրախտը գտնելու կարեւորագոյն նախապայմանը` ապաշխարանքը:
Չորրորդ` Տնտեսի Կիրակին, կ՛ուսուցանէ նիւթական հարստութեան տնօրինման կերպի դերը յաւիտենական փրկութեան կամ կորստեան մէջ:
Հինգերորդ` Դատաւորի Կիրակին, կը պատգամէ յարատեւ աղօթքի անփոխարինելի նշանակութիւնը փրկութեան համար:
Վեցերորդ` Գալստեան Կիրակին, որ այնպէս ինչպէս կ՛ամփոփէ Քրիստոսի Ա. Գալստեան խորհուրդը, այնպէս ալ Երկրորդ Գալստեան խոստումը:
Մեծ Պահքին անմիջապէս յաջորդող շաբաթը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ եւ կ՛ընդգրկէ Փրկչին երկրային կեանքի վերջին կարեւորագոյն իրողութիւնները` յաղթական մուտքը Երուսաղէմ (Ծաղկազարդ), Վերջին Ընթրիքը, Մատնութիւնը, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Մահը, Թաղումը եւ ի վերջոյ հրաշափառ Յարութիւնը` Ս. Զատիկը








All the contents on this site are copyrighted ©.