2015-02-26 10:06:30

Հայ Ձեռագրի Պատմութեան Ուղիին Վրայ


Գրչութեան զարգացումը եւ պայմանները

Ինչպէս նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք՝ հայ գիրը եւ գրչութիւնը դարերու ընթացքին ենթարկուած է փոփոխութիւններու։ Այս ընթացքին փոխուած են տառաձեւերը, կետադրական նշանները եւ ուղղագրութիւնը՝ գրչութեան արուեստի զարգացումին զուհահեռ։ Լսեցինք Հ. Յակոբոս Տաշեանի ուսումնասիրութեան մէջ՝ թէ գրչութեան արուեստը ուսումնասիրելու համար կարիք կայ ուսումնասիրելու մանրանկարչութիւնը, ներկերու գործածութիւնը, կազմագիտութիւնը, թանաքագիտութիւնը, խազագրութիւնը, զարդարուեստը եւ քերականական ու տառաձեւերու զարգացումը։
Նկատի առնենք, որ բոլոր ձեռագիրները դասական հայերէնով չեն գրուած։ Լեզուն կրած է փոփոխութիւններ, ինչպէս նաեւ քերականութիւնը։ Նաեւ խօսակցական լեզուի հետքերը, այլ բացատրութեամբ՝ «ռամկօրէն», բացակայ չեն ձեռագիրներէն։
Եթէ նկատի առնենք նաեւ աշխարհագրական եւ պատմական տուեալները, կը տեսնենք թէ որքան հզօր եղած են արտաքին պարագաներու ազդեցութիւնները գրչութեան արուեստին վրայ։
Այսօրուան հաղորդումին մէջ ձեռագիր յիշատակարաններէն կ՝անդրադառնանք յիշատակարանի մը, որ բաւականին մանրամասնօրէն կը նկարագրէ ժամանակի անցուդարձերը։
Ձեռագիրը գրած է 1417 թուականին Մատթէոս Մոնոզոն՝ Գանձասարի Վանքին մէջ։ Ձեռագրին բովանդակութիւնն է՝ «Ոտանաւոր Ներբողեանք ի Վերայ Սրբոց եւ Ժողովածու»
Յիշատակարանէն կը մէջբերենք քանի մը հատուածներ ազատ թարգմանութեամբ։ Մատթէոս Մոնոզոն կը գրէ՝
«Այս ժամանակ սաստիկ երաշտ եղաւ, բոլոր բոյսերը չորցան եւ ջուրերը ցամքեցան։ Այս պատահեցաւ Կարապետ կաթողիկոսի հայրապետութեան, եւ քրիստոնեաներու անիշխանութեան շրջանին։»
Ապա Մատթէոս Մոնոզին կը թուէ իշխաններ որոնք կամ փախստական հեռացած են երկրէն, կամ գերի ինկած եւ կամ սպաննուած թշնամիներու ձեռքով։
«Այս ժամանակները դառն են –կը շարունակէ գրիչը- Ուսուֆ անունով թուրքման մը կը թագաւորէ ... երբ չորրոդ գազանը Թամուր՝ կոչուած կաղը՝ մահացաւ, Ուսուֆ անոր որդիներուն դէմ կռուեցաւ երեք անգամ եւ սպաննեց զանոնք, իսկ մնացածները փախուստ տուին։»
Մատթէոս Մոնոզոն աւելի մանրամասն կը պատմէ Ուսուֆի պատերազմներու մասին եւ յատկապէս իշխաններուն կամ իշխանաւորներուն սպաննութիւնները եւ կամ անոնց հասցուցած պատուհասները եւ հարց կու տայ՝
«ա՛յսքան չարիք հասցուց Ուսուֆ երկրի գլխաւորներուն, իսկ փոքրերուն մասին ալ ի՞նչ ըսեմ։ Որովհետեւ անոր զինուորները ուր որ կը հասնին, վայրագաբար՝ ո՛չ ընտանին կը ճանչնան, ո՛չ օտարը, կը թալանեն եւ կը կոփեն ինչ որ իրենց ձեռքը կʼանցնի, ըլլայ ճամբու վրայ, կամ տան մէջ, ըլլայ ամայի տեղ, կամ քաղաքի մէջ։ Այսպէս մեր աղաղակին չափ չկար։
Այս բոլորը մեր վրայ հասաւ մեր մեղքերուն պատճառով։ Եւ դեռ անորոշութեան մէջ ենք, թէ արդեօք դեռ մեր առջեւ ի՛նչ պիտի ելլէ, եւ կամ ինչպէ՞ս պիտի ազատինք այսպիսի նեղութիւններէ։ Բոլորին աչքերը ուղղուած են առ Աստուած, որ թերեւս ողորմածութեամբ մեր վրայ գթայ։
Այսպիսի դառնութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ այս գիրքը իմ ձեռքովս գրուեցաւ։
Պատահեցաւ որ այս գիրքը գրելէն առաջ թուրքման չարասէր ազգէն կողոպուտի ենթարկուեցանք եւ անոնց ձեռքն ինկանք։ Որովհետեւ՝ երբ Շրուան կʼերթայինք, անոնց հանդիպելով՝ նախ մեզ կողոպտեցին եւ ապա մեր մատները իժերու ծակերուն մէջ դրին, եւ դարձեալ մեր վրայ թաթարներու անօրէն ազգը բերին, եւ կրկին կողոպտեցին այս սուրբ ուխտը՝ Գանձասարի Ս. Կարապետի Վանքը, եւ մարմնաւոր բան չմնաց՝ բացի մեզմէ եւ սրբութիւններէն։
Եւ այս բոլոր տարուբերումներէ եւ խռովութիւններէ եւ կողոպուտէ վերջ մեր սիրելի Մանուէլ քահանան խնդրեց որ այս գիրքը գրեմ՝ ոչ ձրիօրէն, այլ կարողութեան չափով իր բոլոր ունեցածը մեր առջեւ դրաւ։
Արդ կը խնդրեմ այն բոլորէն, որոնք այս աստուածազարդ բուրաստանին կը հանդիպին՝ օրինակելու, կամ ընթերցելու, կամ պարզապէս դիտելու նպատակով՝ յիշեցէք ձեր մաքրափայլ աղօթքներուն մէջ այս գրքի ստացողը՝ Մանուէլ քահանան։»
Մատթէոս Մոնոզոն կը խնդրէ նաեւ զինք յիշել աղօթքներու մէջ։

Յիշենք, որ Գանձասարը հայ գրչութեան ականաւոր վանքերէն մէկն է։ Յիշատակարաններէն եւ այլ արձանագրութիւններէ մեզի բարեբախտաբար մնացած են տեղեկութիւններ զանազան անհատներու եւ պատմական դէպքերու մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.