2015-02-26 12:08:20

''Արդարութիւն եւ բարեխօսութիւն'' Վատիկանի վերին իշխանութեան քառասնորդացի աւանդական հոգեւոր կրթութեան վերջընթեր օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի` 22 փետրուար 2015էն ի վեր, Վատիկանի վերին իշխանութեան անդամները, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ միասին կը գտնուին Հռոմի շրջակայքը գտնուող Առիչչա շրջանի ''Աստուածային վարդապետի Տուն'' անուամբ կեդրոնին մէջ, ուր ամփոփումի մէջ կը կատարեն քառասնորդացի աւանդական հոգեւոր կրթութիւնը որուն քարոզիչն է Քարմելիթան միաբանութեան անդամ` հայր Պրունօ Սէքոնտին։
Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին ընդհատուած կը նկատուին Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ու առանձնականն բոլոր գործունէութիւնները։
Հինգշաբթի` 26 փետրուարի հոգեւոր կրթութեան գլխաւոր նիւթն եղաւ ''Արդարութիւն եւ բարեխօսութիւն'' եւ օրուան երկու խորհրդածութիւնները կը կեդրոնանան վերոյիշեալ նիւթին վրայ։ Առաւօտեան խորհրդածութեան նիւթն եղաւ ''Ժառանգութիւնս չեմ ձգեր քեզի. Արդարութեան եւ զօրակցութեան վկաներ'' իսկ յետմիջօրէի նիւթն է ''Բարեխօսել ժողովուրդին համար։ Եղբայրութեան մարգարէներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.