2015-02-25 10:15:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Ընտանիքներուն'' ուղղուած նամակին առաջին տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2014-ի փետրուար 25-ին, կը հրատարակուէր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ընտանիքներուն ուղղուած, 2 փետրուար 2014 թուակիր մէկ նամակը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով Ընտանիքի մասին` 2014-ի հոկտեմբերին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին կը գրէր.


Սիրելի ընտանիքներ,

ձեր տան սեմին կը ներկայանամ, ձեզի խօսելու կարեւոր մէկ ձեռնարկի մասին որ, ինչպէս գիտէք, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Վատիկանի մէջ։

Ձեռնարկը կը հայի Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի արտակարգ ընդհանուր ժողովին, որ գումարուած է քննարկելու համար ''նոր աւետարանութեան ծիրէն ներս, ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները'' նիւթը։

Այսօր, արդարեւ, Եկեղեցին կանչուած է հռչակելու Աւետարանը, դիմագրաւելով ընտանիքի հայող հրատապ հովուական նոր հարցերը։ Այս կարեւոր իրադարձութիւնը Աստուծոյ համայն ժողովուրդը կը ներգրաւէ` Եպիսկոպոսներ, քահանաներ, նուիրեալ անձինք եւ համայն աշխարհի յատուկ եկեղեցիներուն աշխարհական հաւատացեալները որ տքնաջանօրէն կը մասնակցին նախապատրաստական աշխատանքներուն, իրենց իրապաշտ առաջարկներով եւ աղօթքի պարտադիր ներդրումով։


Սրբազան Հայրը ապա ընտանիքներէն կը խնդրէր անոնց ''Աղօթքի աջակցութիւնը'' ակնարկելով թէ Սիւնհոդոսական հաւաքը նուիրուած է յատկապէս իրենց, իրենց կոչումին, ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի հարցերուն, զաւակներու դաստիարակութեան ինչպէս նաեւ ընտանիքներու դերին Եկեղեցւոյ առաքելութեան ներքոյ։


''Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ տենչագին դիմէք Սուրբ Հոգիին, որպէսզի լուսաւորէ Սիւնհոդոսական Հայրերը ու զանոնք առաջնորդէ իրենց յանձնառու այս պարտականութեան մէջ։ Ինչպէս տեղեակ էք, կը գրէր Քահանայապետը, Սիւնհոդոսական արտակարգ այս հաւաքէն ետք նախատեսուած է այլ հաւաք մը որ յառաջ պիտի տանի ''Ընտանիքին'' հայող նիւթը։ Այս առընչութեամբ ապա 2015-ի սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքը։ Աղօթենք ուրեմն, միասնաբար, որպէսզի այս միջոցառումներու ընդմէջէն, Եկեղեցին կշռադատումի իսկական քայլ մը կատարէ եւ հովուական նպաստաւոր միջոցներ որդեգրէ, օգնելու համար ընտանիքները եւ դիմագրաւելու այժմէական մարտահրաւէրները Աւետարանէն ծագած ուժով եւ լոյսով''։



Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ապա կ՛ակնարկէր թէ նամակը շարադրած է Յիսուսի Տաճար ընծայման տօնին օրը, ուր երկու ծերունիներ եւ երկու երիտասարդ ծնողներ իրարու կը հանդիպին։ ''Յիսուս սերունդները իրարու կը միացնէ որովհետեւ Ան սիրոյ անսպառ աղբիւրն է, որ կը յաղթէ որեւէ արգելք, որեւէ առանձնութիւն, որեւէ տխրութիւն''։

''Ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ դուք կը կիսէք կեանքի շատ գեղեցիկ պահեր...այսուհանդերձ եթէ սէրը պակսի կը պակսի նաեւ ուրախութիւնը, եւ իսկական սէրը մեզի տրուած է Յիսուսէն, որ մեզի կը նուիրէ իր Խօսքը, կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը, մեզի կու տայ կեանքի հացը եւ կ՛աջակցի մեր ամենօրեայ դժուար ուղեւորութեան''։

Սրբազան Հայրը նամակը կ՛աւարտէր գրելով ''Սիրելի ընտանիքներ`, ձեր աղօթքը Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ի նպաստ, Եկեղեցին հարստացնող թանկարժէք գանձ մը պիտի հանդիսանայ։ Շնորհակալ եմ ձեզի ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք նաեւ ինծի համար, որպէսզի կարենամ Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայել` սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր եւ Սուրբ Յովսէփի հովանին ձեզի աջակցին եւ ձեզ օգնեն քալելու միացած սիրոյ մէջ եւ փոխադարձ ծառայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.