2015-02-24 09:27:27

«Ես Շարլի ՉԵՄ»


Անցեալ 7 յունուարին, Փարիզի Շարլի Էպտօ (Charlie Hebdo) երգիծաթերթին դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան եւ ասոր հետեւանքով 12 երգիծանկարիչ լրագրողներու սպանութեան լուրը հազիւ տարածուած, ֆրանսացի կամ ոչ, բացագանչեցին. «Ես Շարլի եմ»: Բոլոր հաղորդամիջոցներուն ընդմէջէն պոռթկումներ բարձրացան որդեգրելով միեւնոյն լոզունգը: Աշխարհը պոռաց, եւ զանոնք հռչակեց գրիչի հերոսներ: Անշուշտ ո՛չ ոք համաձայն է այսպիսի ահաբեկչական գործողութեան մը, որ դժբախտաբար հարուածեց լրագրական ազատամտութիւնը, եւ խլեց կեանքը 12 անձերու՝ որոնք նուիրուած էին իւրայատուկ ոճով հանրային կարծիքին ներկայացնելու իրենց գաղափարախօսութիւնը: Այլակարծութիւնը կամ այլադաւանութիւնը ոչ ոքի իրաւունք կու տայ սպաննելու: Բոլորս ալ հակառակ ենք մարդասպանութեան: Սակայն այն ինչ որ չի հասկցայ թէ ինչպէս րոպէի մը մէջ ամէն մարդ Շարլի Էպտօ եղաւ. հասկցող թէ չհասկցող փորձեց առիթը օգտագործել ըսելու համար թէ ինք կողմնակից է, սակայն որո՞ւ: Արդեօք գիտէի՞ն ինչ է ինքնութիւնը «Շարլի Էպտօ»ի: Ոչ ոք իրաւասութիւնը ունի դատելու անձի մը հաւատքին չափանիշը, կրօնական պատկանելիութիւնը, եւ կամ նոյնիսկ անհաւատութիւնը: Ամէն մարդ ազատ է ընդունելու կամ մերժելու Աստուած, գաղափարակից ըլլալու կամ հակակարծիք: Բայց կարելի չէ ներել ու չդատապարտել անհանդուրժողութեան պատճառով գործուած կրօնական ոճիրները: Միւս կողմէ, լրագրութիւնը չէ եղած որպէսզի դատէ, դատապարտէ կամ ծաղր ու ծիծաղի առարկայ դարձնէ կրօնքը, եկեղեցին ու հաւատքը: Չեմ գիտեր թէ անոնք որոնք բացագանչեցին ու գոռացին. «Ես Շարլի եմ», գաղափար ունէի՞ն «Շարլի Էպտօ»ի հրատարակած պատկերներէն: Խօսքի կամ լրագրողական ազատութիւնը իրաւունք չի տար անարգելու, կոխկռտելու, հայհոյելու կամ ծաղրանքի առարկայ դարձնելու մարդուն հաւատքն ու արժէքները: Կարելի չէ ընդունիլ պատկեր մը ուր կը պղծուի սուրբբ Երրորդութիւնը, Աստուածամայրը, սրբազան Քահանայապետը կամ նոյնիսկ Մահոմէտը: Այս ազատամտութիւն չէ, այլ՝ անարգանք: Կրօնական ազատութիւնը կը պարտադրէ որ յարգես ուրիշին հաւատքը: Յամենայնդէպս, կը շնորհաւորեմ եւրոպացի ղեկավարներն ու ժողովուրդը, որոնք միաբերան «Ոչ» ըսին ահաμեկիչներուն ու ահաբեկչութեան: Բայց չեմ գիտեր, թէ Էրտողանը ի՛նչ հանգամանգով դատապարտեց այսպիսի ոճիր մը, երբ ինք՝ հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալի պատմութիւնը վկայ, հովանաւորն է ահաբեկչութեան. արդե՞օք որպէսզի ծածկէ իր արիւնլուայ ձեռքերը, որոնցմով «Տաէշականներ» կը պատրաստէ, եւ կամ որպէսզի օսմանեան սեւ էջերը մոռցնել տայ աշխարհին, այն էջերը ուր մէկ ու կէս միլիոն հայերու արեան կաթիլները կան: Դժբախտաբար եղան հայեր, որոնք բաղդատական պատկերներով փորձեցին որոշ նմանութիւն մը ստեղծել «Բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք»ին եւ «Բոլորս ալ Շարլի Էպտօ ենք»ին միջեւ: Հրանդ Տինքը չի՛ կրնար համադասուիլ Շարլի Էպտօին հետ: Կարելի չէ Հրանդ Տինքի վեհութիւնը նուաստացնել ու իջեցնել Շարլի Էպտօի մակարդակին: Ով որ Հրանդ Տինք է, չի կրնար Շարլի Էպտօ ըլլալ. իսկ ով որ Շարլի Էպտօ է դարձեալ չի կրնար հաւասարիլ Հրանդ Տինքին հետ: Լաւ որոնենք մեր ինքնութիւնը:
Ես հայ եմ, սփիւռքահայ եմ:
Ես Հայաստան եմ, Արցախ եմ, Ջաւախք եմ:
Ես Մէկ ու կէս միլիոն նահատակ եմ, Հրանդ Տինք եմ:
Ես Գիւմրիի մէջ զոհ գացած «Աւետիսեան» ընտանիքն եմ:
Ես Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վկան եմ:
Շարլի Էպտօ-ի եւ բոլոր Շարլի Էպտօներու ահաբեկչական գործողութիւնները դատապարտելով հանդերձ, իմ առաջնահերթ պարտականութիւնս է ՅԻՇԵԼ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Դատապարտեցէ՛ք, վշտակցէ՛ք եւ ձգեցէք որ անոնք իրենց մեռելները թաղեն, որովհետեւ մենք պիտի յարուցանենք մեր նահատակները:
Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան







All the contents on this site are copyrighted ©.