2015-02-23 09:45:47

«Մեր լեզուն մեր Հայրենիքն է» Գիտաժողով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ


Փետրուար 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ.Աճառեանի լեզուի ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկեց «Մեր լեզուն մեր հայրենիքն է» խորագիրով գիտաժողովը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Մայրենիի օրուան առթիւ` նշելով, որ այս տարի Մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները կ’իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս: «Սա նոր երանգ է հաղորդում այս միջոցառմանը, քանի որ ցեղասպանութեան հետեւանք է նաեւ լեզուասպանութիւնը: Մենք չենք կարող առաջին հերթին մեծագոյն ցաւով չարձանագրել հայերէնի շուրջ երեք տասնեակ բարբառների կորուստը: Այլեւս գոյութիւն չունեն Ակնի, Խարբերդի, Երզնկայի, Տիգրանակերտի, Շապին-Գարահիսարի, Վանի, Հաճընի, Սեբաստիայի, Մարաշի եւ բազում այլ բարբառները, որոնք հայերէնի իւրայատուկ դրսեւորումներ էին եւ մեր ժողովրդի լեզուաստեղծագործական ու ազգային մտածողութեան ինքնատիպ արտայայտութիւնները, եւ եթէ այսօր մեր երիտասարդներից շատերը չեն խօսում հայերէն, դա եւս ցեղասպանութեան հետեւանք է», -աւելցուց գերատեսչութեան ղեկավարը:
Նախարարը նշեց, որ 2015թ.-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գերակայ ծրագիր հռչակուած է հայոց լեզուի տարածումը եւ երիտասարդութեան շրջանին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան ընդլայնումը: Ան առանձնացուց այն քայլերը, որ կ’իրականացնէ գերատեսչութիւնը Սփիւռքի մէջ Մայրենիի պահպանութեան եւ տարածման ուղղութեամբ` մասնաւորապէս անդրադառնալով «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին եւ «Արի տուն» ծրագիրին, որոնց ծիրէն ներս հայ պատանիներն ու երիտասարդները այցելելով Հայրենիք` իրենց իւրաքանչիւր առաւօտը կը սկսին Մայրենիի դասընթացներով, հայերէնով հաղորդակցելու բացառիկ հնարաւորութեամբ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ:
«Մենք մշտապէս կարեւորել ենք Սփիւռքում մէկօրեայ դպրոցների ստեղծումը, եւ ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ անցած 6 տարիների աշխատանքի շնորհիւ տարբեր համայնքներում կարողացել ենք շուրջ 600 մէկօրեայ դպրոց հիմնել, մեծ նուաճում էր, որ կարողացանք հայոց լեզուի ուսուցման հեռուստադպրոց ստեղծել, որը հեռարձակւում է հանրային հեռուստաընկերութեան արբանեակային հեռարձակմամբ», -ըսաւ նախարարը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ եւ իրաքահայ մեր հայրենակիցներուն մասին, որոնց ընդելուզման հարցը առաւել արագ եւ ճիշդ կազմակերպելու համար նախարարութիւնը անոնց համար կը կազմակերպէ մայրենիի ուսուցման արագացուած դասընթացներ:
Իր խօսքի աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երիտասարդութեան կոչ ուղղեց յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին իրենց կարեւորագոյն եւ ազգանպաստ գործը համարել հայերէն սորվիլը, հայերէն խօսիլը, եւ որ Մայրենիի օրը իւրաքանչիւրին համար դառնայ ոչ միայն Փետրուար 21, այլ տարուան բոլոր օրերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.