2015-02-16 08:50:23

ՏԱՀԵՇ գլխատեց առեւանգուած 21 Ղպտիները։


(Ռատիօ Վատիկան) ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը «Թուիթըր»-ի ցանցին վրայ գտնուող համակիր հաշիւի մը մէջ տեղադրուած տեսանիւթի մը ընդմէջէն յայտարարեց 21 եգիպտացի քրիստոնեայ ղպտիներու գլխատումը: Տեսանիւթին մէջ երեւցող զինեալը անգլերէնով ուղղած իր պատգամին մէջ «ամբողջական պատերազմ» յայտարարեց «խաչակիր աշխարհին դէմ»: Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ բանբերը հաստատեց, որ տեսանիւթին մէջ երեւցող գլխատուած անձերը Լիպիոյ մէջ առեւանգուած քրիստոնեայ եգիպտացիներն են:
Եգիպտոսի կաթողիկէ եպիսկոպոսները դատապարտելով անմարդկային այս արարքը իրենց զօրակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը յայտնած են Ղպտի եկեղեցւոյ եւ զոհերու պարագաներուն։
Տեսանիւթին հրապարակումէն ետք Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդը ժողովի հրաւիրեց յայտարարելով ''արարքներուն արձագանգելու Եգիպտոսի իրաւունքը''։
Պարաք Օպամա հաստատեց թէ ՏԱՀԵՇԻ բռնութիւնները չափ ու սահման չունին ընդգծելով Լիպիոյ հարցին հրատապ լուծումը` քաղաքական գետնի վրայ։
Վերջին օրերուն բազմաթիւ Լիպիացիներ գաղթականութեան դիմեցին ու շատեր նաւերով հասան Սիկիլիայի կղզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.