2015-02-01 12:22:07

Յառաջիկայ 6 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապը Սարայեւոն պիտի այցելէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի փետրուար մէկին, Մարեմեան աղօթքի աւարտտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալները յայտարարեց թէ յառաջիկայ 6 յունիսին, Աստուծոյ կամքով, պիտի այցելէ Պոզնիա-Էրզիկովինայի մայրաքաղաք` Սարայեւոն ու խնդրեց որ այժմէն իսկ աղօթեն որպէս այդ այցելութիւնը ըլլայ քաջալերանք Կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու նպաստէ եղբայրութեան, միջկրօնական երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդումին։
Սրբազան Հայրը ապա դիտել տուաւ թէ այսօր կը նշուի ''կեանքի ի նպաստ օրը'' որուն բնաբանն է ''Զօրակից կեանքի ի նպաստ'' ու իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց որ կը պաշտպանեն մարդկային կեանքը։ Ապա միանալով Իտալացի եպիսկոպոսներուն կոչ ուղղեց ''մարդ էակի վերանորոգ ընդունման եւ կեանքի աւելի պատշաճ հոգատարութեան ի խնդիր, սաղմէն մինչեւ մահ''։ Երբ կեանքի հանդէպ բացուածք մը կայ ու կեանքի ի սպաս կը գործուի, կը փորձարկենք սիրոյ եւ քնքշութեան յեղափոխական ուժը, նոր մարդկայնապաշտ ասպարէզ մը սկսելով` զօրակցութեան մարդկայնապաշտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.