2015-01-31 12:52:20

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալիոյ «Հողամշակներու Ազգային Համադաշնութեան» ներկայացուցիչները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 31 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Coldiretti «Հողամշակներու Ազգային Համադաշնութեան» ներկայացուցիչները։

Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց Եկեղեցւոյ գնահատանքը իրենց տարած աշխատանքին համար։ Ան յիշեցուց՝ թէ հողի «մշակումը» մարդկային հիմնական գործունէութիւններէն մին է, որովհետեւ հողամշակման մէջ կʼընդունինք Աստուծոյ թանկ պարգեւը՝ հողը։ Հոն կը կատարուի նաեւ այն պարգեւի արժեւորումը՝ այր մարդու եւ կնոջ աշխատանքի միջոցաւ։ Ինչպէս կը կարդանք Ծննդոց գրքին մէջ՝ Աստուած մարդուն յանձնեց հողի մշակումը եւ խնամքն ու պահպանումը։ (Ծնն Բ. 15)
Չկայ մարդկութիւն՝ առանց հողամշակման, չկայ լաւ կեանք՝ առանց հողի տուած արգասիքներուն՝ ըսաւ Սրբազան Պապը։
Այն աշխատանքը, որ մշակները կը տանին՝ առատաձեռնօրէն տրամադրելով իրենց ժամանակը եւ իրենց ուժերը, իսկական եւ իւրայատուկ կոչում մըն է։ Պէտք է զարկ տալ հողամշակման ապագային, սակայն պէտք է նաեւ ուշադրութիւն դարձնել որ հողը չարաշահումի չենթարկուի։
Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներու ուշադրութեան հրաւիրեց երկու հիմնական կէտեր։
Ան յիշեց աղքատութեան եւ անօթութեան խնդիրը։ Վատիկանեան Բ. Ժողովը մեզի կը յիշեցնէ թէ հողի տուած բարիքները համատարած նպատակի պէտք է ծառայեն։ Մինչդեռ տնտեսական գերիշխող կառոյցը բազմաթիւ մարդոց թոյլ չի տար, որ օգտուին իրենց արդար իրաւունքէն։ Շուկայի օրէնքները, եւ սանձարձակ սպառումի մշակոյթ մը՝ կը ստեղծեն անընդունելի չափանիշեր։ Պէտք է լրջօրէն մտածել ասոր մասին եւ գտնել նոր ճանապարհներ աւելի արդար բաժանման։
Երկրորդ կարեւոր կէտ մըն է՝ հողի խնամքը եւ հոգատարութիւնը։ (Ծնն Բ. 15)
Կլիմայական կամ օդերեւութաբանական վատթարացումներ կը դժուարացնեն հողամշակման գործը։ Հետեւաբար ուշադրութեամբ եւ ժողովուրդներու անհրաժեշտ համագործակցութեամբ կարելի է հասնիլ աւելի արդիւնաւոր նպատակներու։
Այս մարզին մէջ մարտահրաւէրներ ունինք՝ թէ ի՞նչպէս կարելի է իրականացնել հողամշակութիւն մը՝ կարելի եղածին չափով սակաւ վնաս հասցնելով կենսոլորտին։ Ի՞նչպէս կարելի է մշակել հողը՝ եւ միաժամանակ խնամել եւ պահպանել զայն՝ մտածելով նաեւ յաջորդ սերունդներու մասին։
Սիրով եւ գուրգուրանքով մշակենք հողը, կազմելով պտղաբեր դաշնութիւն մը հողին հետ, որպէսզի ան ըլլայ կեանքի աղբիւր համայն մարդկութեան ընտանիքին համար՝ ըստ Աստուծոյ կամքին։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքի աւարտին մաղթանք յայտնեց, որ ներկաներու հողամշակումի եւ հողապահպանումի աշխատանքը պէտք եղած գնահատանքը գտնէ։ Ան շեշտեց նաեւ, որ հողամշակութիւնը պէտք է պահէ բարոյական սկզբունքները, որոնցմով քրիստոնեան միշտ պէտք է դիմագրաւէ խնդիրներ եւ մարտահրաւէրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.