2015-01-31 12:29:33

''Իգական մշակոյթները ընդմէջ հաւասարութեան ու տարբերութեան'' նիւթին մասին, Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ, 2 Փետրուար 2015-ին, ներկայացումը կը կատարուի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարին (4-7 Փետրուար 2015) ‘’իգական մշակոյթները ընդմէջ հաւասարութեան ու տարբերութեան’’ նիւթին մասին։
Ներկայացումին իրենց միջամտութիւնը կը բերեն.
Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, տիկին Աննա Մարիա Թարանթոլա` նախագահը իտալական պետական հեռուստատեսիլին, տիկին Ճորճա Ալպերթինօ Մաճոնի Rai News 24-ին տնօրէնուհի, Google- ընկերութեան տնօրէն` Ապոլթինօ եւ իտալացի դերասանուհի Նէնսի Պրիլլին։
Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ աշխատանքը կը կայանայ սերտել իգական մշակոյթներու կարգ մը երեւոյթները, բնորոշելու համար հովուական կարելի ուղղութիւնները, որպէսզի քրիստոնեայ հասարակութիւնները ի վիճակի ըլլան անսալու ու երկխօսելու ներկայ ժամանակներու հարցերու մասին։
''Իգական մշակոյթներ'' արտայայտութիւնը չի նշանակեր տարբերիլ այր մարդու մշակոյթներէն, այլ կ’արտայայտէ գիտակցութիւնը որ իգական հայեացք մը կայ աշխարհի վրայ եւ մեզ շրջապատող բոլոր բաներու վրայ` կնոջ յատուկ կեանքի ու փորձառութեան վերաբերեալ։
Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի Լիանիստ գումարի թղթածրար վաւերաթուղթը աշխատասիրուած է խումբ մը կիներէ մատնանշելու կնոջ դերը անձնական թէ ընտանեկան յարկէն ներս։ Անցեալին կինը դեր մը չունէր ընկերութեան մէջ, զանց ընելով թագուհիներն ու կայսրուհիները, որոնք բացառութիւն կը կազմեն։
Արդարեւ, մարդկութեան պատմութեան արշալոյսին այր մարդու ու կնոջ դերերը ընկերութիւններու մէջ բացայայտօրէն բաժնուած էին։ Այրերուն վերապահուած էր պատասխանատուութիւնը, իշխանութիւնը ու ներկայութիւնը հանրային կեանքին մէջ. Օրէնքը, քաղաքականութիւնը, պատերազմը։ Մինչ կնոջ կը պատկանէր որդեծնութիւնը, դաստիարակութիւնը ու ընտանիքի անդամներու խնամատարութիւնը։
Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարի թղթածրարի աշխատասիրութիւնը կը ներփակէ չորս գլուխներ, Առաջին` ''Ընդմէջ հաւասարութեան ու տարբերութեան, հաւասարակշռութեան փնտռտուքը''։
Երկրորդ գլուխ` որդեծնունթը “generatività” որպէս խորհրդանշական կանոնագիրք։ Կնոջ մարմնին մէջ կը կազմուի ծնանելիք մանուկը։
Երրորդ գլուխ` կնոջական մարմինը ընդմէջ մշակոյթի ու կենսաբանութեան։
Չորրորդ գլուխը` կիները եւ կրօնքը. փախուստ կամ նոր ձեւեր մասնակցելու եկեղեցւոյ կեանքին։
Սրբուհի Էտիդ Շթային կ’ըսէր. ‘’համոզուած եմ որ մարդկային ազգը կը զարգանայ կրկնակ տեսակով` այր թէ կին, եւ կը կազմեն էութիւնը մարդկային էակին, որ կը յայտնուի կրկին եղանակով, եւ մարդկային էութեան ամբողջ կառոյցը ի յայտ կու գայ այս իւրայատուկ դրոշմով’’։







All the contents on this site are copyrighted ©.