2015-01-31 10:34:23

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի լուսանկարով օրացոյց տպած Է


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 24 ապրիլին երբ ձեռնարկ կը կազմակերպէ` խուսափելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Երեւան ժամանելու` իր ուսերուն դրուած ծանր «բեռէն», Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոր խայտառակութիւն մը կ՛արձանագրէ:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ»-ի կայքին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կալիփոլիի ճակատամարտին 100-ամեակին առիթով յատուկ օրացոյց տպած է: Օրացոյցին մէջ տեղ գտած են Կալիփոլիի ճակատամարտին վերաբերեալ շարք մը լուսանկարներ: Սակայն ապրիլ ամսուան լուսանկարը խայտառակութիւն դարձած է Թուրքիոյ մէջ: Այդ լուսանկարը կը պատկերացնէ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդին մէջ ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչման տեսարան մը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները այդ մասին յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած են, որ լուսանկարը օրացոյցին մէջ յայտնուած է «սխալմամբ»:
Ըստ տեղեկութիւններու, անմիջապէս դադրեցուցած են օրացոյցին ցրուումը: «Կայծակնային արագութեամբ հետաքննութիւն սկսած է` պարզելու համար, թէ ինչպէ՞ս այդ լուսանկարը յայտնուած է օրացոյցին մէջ», կը գրէ կայքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.