2015-01-30 11:32:29

Սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարական պատուիրակութիւնները համաձայնութեան եկած են քանի մը սկզբունքներու շուրջ


Մոսկուայի մէջ Յունուար 29-ին վերջ գտան Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես-ը` վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը, մասնակիցները համաձայնութեան եկած են շարք մը սկզբունքներու շուրջ. պահպանել Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ինքիշխանութիւնը, անոր միասնականութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, պայքարիլ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, կարգաւորել սուրիական ճգնաժամը խաղաղ քաղաքական մեթոտներով եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ, որոշել Սուրիոյ ապագան սուրիական ազգի ազատ ժողովրդավարական կամքով, անթոյլատրելի համարել սուրիական գործերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնը, պահպանել բանակը` որպէս ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ, օրէնքի գերակայութիւն եւ հաւասարութիւն սահմանել բոլոր քաղաքացիներուն համար, չթոյլատրել որեւէ արտաքին ռազմական ուժի ներկայութիւն Սուրիոյ տարածքին առանց կառավարութեան հետ համաձայնութեան եւ վերջինը` դադրեցնել Ժոլանի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ հանել պատժամիջոցները սուրիական ազգին նկատմամբ:
Մոսկուայի մէջ Յունուար 26-ին մեկնարկած հանդիպումը անուանած են կառուցողական բնոյթ ունեցող ֆորում, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ միջսուրիական բանակցութիւններու վերսկսման համար: Սուրիոյ ներքին ընդդիմութեան Ազգային համակարգող կոմիտէն համաձայնած էր պատուիրակութիւն ուղարկել Մոսկուա` յայտարարելով, որ չեն կրնար երկրին մէջ արիւնայեղութիւնը դադրեցնելու հնարաւորութիւնը կորսնցնել: Սթամպուլի մէջ ձեւաւորուած Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու ազգային համաձայնութեան 5 անդամները, որոնց մէջ անոնց նախկին ղեկավար Ահմատ ալ Ճարպան, նոյնպէս համաձայնած են մասնակցիլ բանակցութիւններուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.