2015-01-30 11:12:34

Դպրոցին դաստիարակութեան հրամայականը


Նախապէս խօսեցանք ընտանիքի մասին, ըսելով թէ` ան աւետարանելու ուժեղ եւ կարեւոր հաստատութիւն մըն է: Շեշտը դրուեցաւ այն գաղափարին վրայ որ Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովը, ընտանիքը «տնական եկեղեցի» որակած է, շեշտելու համար թէ որքան իւրայատուկ պատասխանատուութեան մը հրաւիրուած է ան` աւետարանումի առաքելութեան համար, եւ թէ որքան յանձնառու գործ կը դրուի ընտանիքի անդամներուն վրայ, իւրաքանչիւրը ըստ իր իւրայատուկ առաքելութեան, կիրարկելու համար այն եռեակ պարտականութիւնը՝ մարգարէական, քահանայական եւ արքայական, զոր Քրիստոս իր Եկեղեցիին յանձնած է:
Երկրորդ հաստատութիւնը որ նոյնքան կարեւոր է որքան ընտանիքը, դպրոցն է: Ոչ ոք կրնայ ուրանալ թէ դպրոցը որքան անզուգական դեր ունի իւրաքանչիւրի ազգային եւ ընկերային կեանքին մէջ: Առաւել եւս հայ դպրոցը, որ հայ մանուկին երկրորդ տունն է, որուն հիմնական կոչումն է «Մարդակերտութեան» եւ «Հայակերտութեան» վսեմ գործը: Այլ իմաստով` կեանքի պատրաստել սերունդները, անոնց նկարագիրը կերտելով եւ անոնց նաեւ հոգեբանպական աշխարհը ձեւակերպելով:
«Հայ Դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն է, կ՛ըսէ վեր. Հայր Վահան Թութիկեան, դաստիարակչական գործի արդիւնաւորումն է: Այս իմաստով, Հայ Դպրոցը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան: Անտարակոյս, ընտիր նկարագիրի կազմութիւն, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն ջամբել, տիպար քաղաքացիներ պատրաստել, գիտութիւն եւ ծանօթութիւն ուսուցանել՝ կարեւոր տարրերն են ընտիր դաստիարակութեան»:
Ան շեշտը դնելով հայեցի դաստիարակութեան վրայ կ՛աւելցնէ. « Հայ Դպրոցին կենսական նպատակներէն ու առաքելութիւններէն մէկն ալ հայեցի դաստիարակութիւնն է: Հայեցի դաստիարրակութիւնը՝ հայ աշակերտին ջամբուած հայկականութիւնն է: Հայկականութիւն, որ ենթակային կը շնորհէ ժողովուրդի մը, իւրայատուկ հաւաքականութեան մը պատկանելու իրաւունքը, առանձնաշնորհը եւ պարտաւորութիւնը»:
«Հայ Դպրոցը այն կրթարանն է, ուր հայ մանուկներ ոչ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերով եւ կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ աղօթքներն ու երգերը:
Հայեցի դաստիարակութեան հիմը կը կայանայ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ մայրենի լեզուով հայ ոգիի եւ ոգեկանութեան ջամբումին մէջ»:
Շեշտը դնելով Հայ Ընտանիքի կարեւոր գործին վրայ, պատուելի հայրը կ՛ըսէ. «Հայ դպրոցը անկարող է ամբողջական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել առանց անոր գլխաւոր նեցուկ եղող հայ ընտանիքին: Դաստիարակչական գործը կը սկսի ընտանեկան յարկէն: Ընտանիքը առաջին դպրոցը ըլլալով՝ կոչուած է մանուկը կրթելու, առաջնորդելու եւ կոփելու նուիրական աշխատանքին:
Ան կը շարունակէ նաեւ ըսելով թէ. «Ընտանեկան յարկը մեր գոյամարտի բերդը եղող՝ Հայ Դպրոցը պահող ամէնէն վճռական ազդակներէն մէկն է: Ի վերջոյ, եթէ հայու ոգին ծնողքէն չփոխանցուի զաւակին, դպրոցը ամէն բան չի կրնար ընել: Երախան իր ծնունդէն իսկ հայ մթնոլորտի մէջ պէտք է մեծնայ: Այդ մթնոլորտը կրնայ ստեղծուիլ եթէ ծնողքը ինքզինք կապուած կը զգայ հայ կեանքին, առաւել կամ նուազ չափով իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական, ազգային ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն, հայերէն գիրք ու թերթ կը կարդայ, հայ բարեկամ ընտանիքներու հետ կապ կը պահէ, եւ իր ամէնօրեայ ապրումներով կ՛ապացուցանէ իր հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Ծնողաց կեանքի օրինակը ամէնէն ներշնչիչ եւ վարակիչ իրականութիւնն է, որ իր մնայուն եւ հզօր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել մանուկներուն վրայ»:
Ուստի վերապատուելին այն եզրակացութեան կը յանգի թէ նախ «անհրաժեշտ է դաստիարակել հայ ծնողներէն շատեր, որպէսզի իրենց զաւակներուն չզլանան ու անոնցմէ չխլեն ա՜յն իրաւունքը, որ բոլոր հայերուն առանձնաշնորհն է իբրեւ հայ մեծնալու անկապտելի եւ դարէ-դար փոխանցուած ժառանգական իրաւունքը: Դժբախտաբար, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն արմատախիլ ըրաւ հայ ժողովուրդը իր բնաշխարհէն, այլ նաեւ ջլատեց մեր ազգային հաստատութիւնները եւ վնաս հասցուց Հայ Դպրոցին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.