2015-01-30 11:20:11

ԱՄՆ ծերակուտականները առաջարկած են Իրաքի մէջ Քրիստոնէական ինքնավարութիւն ստեղծել


ԱՄՆ ծերակուտականները առաջարկած են Իրաքի` Նինուէի դաշտավայրին մէջ, քրիստոնեաներու համար ինքնավար գաւառ մը ստեղծել:
17 ծերակուտականներ ԱՄՆ ԱԳ նախարար Ճոն Քերրիին դիմած են նամակով, որով ամերիկեան իշխանութիւններէն պահանջած են նպաստել այս շրջանին մէջ ասորիներու եւ քրիստոնէական այլ փոքրամասնութիւններու հետապնդումներու դադրեցման: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով իրաքեան Shafaq News գործակալութիւնը:
ՌԻԱ Նովոսթիի փոխանցմամբ, 2014 թուականին «Իսլամական պետութեանէ (ԻՊ) զինեալները Նինուէի դաշտէն դուրս մղեցին կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները: Հարկադիր տեղահանուածները շուրջ 200 հազարն էին, որոնք ստիպուած եղան բնակութիւն հաստատել Իրաքեան Քուրտիստանի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.