2015-01-29 10:59:46

Ֆրանսուա Օլանտ Ապրիլ 24-ին պիտի ժամանէ Երեւան


Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին օրը, ներկայ պիտի գտնուի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններուն: Ըստ Panorama.am-ի՝ Ֆրանսական “Ֆրանս 24” հեռուստալիքի փոխանցումով` Օլանտ նաեւ կոչով դիմած է Թուրքիոյ:
Ան Թուրքիոյ կոչ ըրած է նոր քայլեր ձեռնարկել մէկ դար առաջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւններու եւ կոտորածներու վերաբերեալ “ճշմարտութեան” հասնելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ նշած է, որ “թապուները կտրելու ժամանակն է”:
“Ճշմարտութեան ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է շարունակուին, եւ ես համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի տարին Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կը տեսնենք նոր քայլեր”,- նշած է Օլանտ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահը երէկ մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին, ուր ներկայ եղած են նաեւ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը եւ այլ պաշտօնատար անձիք:







All the contents on this site are copyrighted ©.