2015-01-29 13:39:08

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 29 յունուարի քարոզը՝ ''Եկեղեցւոյ առանձնաշնորհեալ անձերը չեն հետեւիր Յիսուսի ուղիին եթէ՝ անոնք արհամարհեն ուրիշները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 29 յունուարին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով Պօղոս Առաքեալի Հրեաներու ուղղուած թուղթը մատնանշեց, թէ ''Յիսուս կենդանի եւ նոր ուղին է եւ պէտք ենք հետեւիլ Անոր, Իր ուզած ուղեգիծին վրայ՝ որովհետեւ, գոյութիւն ունին տարբեր եւ սխալ քրիստոնէական ուղեգիծեր''։
Յիսուս ասոր համար մեզի ցոյց տուաւ չափանիշեր որպէսզի չընդգրկենք սխալ ուղիներ։ Այս չափանիշերէն մին է Փրկագործութեան Սեփականացումը։ Յիսուս փրկեց բոլորը, իւրաքանչիւրի անունով ու մականունով։
Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց չմտածել ''միայն ես եմ փրկուողը''։
Չսեփականացնելու համար Յիսուսի փրկութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց երեք չափանիշեր։ Հաղորդել Հաւատք, Յոյս եւ Սէր։
Յիսուսին հաւատալը, մեզ կը բիւրեղացնէ. յոյսը մեզի ցոյց կու տայ խոստումները, որպէսզի յառաջ ընթանանք''. Սէրը՝ այսինքն մէկը միւսին ուշադիր ըլլալը, մեզ կը մղէ փոխադարձաբար իրար զիրար խանդավառելու եղբայրասիրական ու բարի գործերով։
Ֆրանչիսկիոս Պապը հուսկ զգուշացուց անիրաւաբար իրար զիրար քննադատելէ եւ ուրիշները արհամարհելէ։ Աստուած - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մեզ կը փրկէ ոչ թէ առանձնաշնորհեալ ըլլալնուս համար, այլ կը փրկէ որպէս ժողովուրդ''։ Թող Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը՝ մենք մեզ զգալու միշտ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, փրկուած անհատապէս՝ անունով եւ մականունով եւ ոչ թէ մեր խմբակի մը պատկանելիութեան համար։ ”.








All the contents on this site are copyrighted ©.