2015-01-29 15:17:54

Ներսէս Պետրոս Ժթ.Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մասնակցի «Կոմիտասի Պանթեոն»ի բացման


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ 28 յունուարին մեկնեցաւ Երեւան, մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի հերթական 5 րդ նիստին, Հինգշաբթի 29 յունուարի առաւօտ ՀՀ Նախագահին, ԼՂ Նախագահին եւ երկու Վեհափառներուն կողքին մասնակցեցաւ «Կոմիտասի Անուան Պանթեոն»ին բացման, ուր նաեւ տեղի պիտի ունենան վերոյիշեալ ժողովին նիստերը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացման յուշամատեանին մէջ գրեց հետեւեալը.
«Յուզումնախառն հպարտութեամբ կ'ողջունենք հանճարեղ Կոմիտաս Վարդապետին յիշատակը յաւերժացնող այս գեղակերտ հիմնարկին բացումը։
Հայ Ազգը իր յաղթապանծ գոյերթը կը պարտի ոչ միայն Վարդանանց ժառանգորդ ազատամարտիկներուն, որոնք գիտակից մահուամբ կ՛անմահանան ցայսօր, այլ նաեւ այն նախախնամական հանճարներուն՝ որոնք Հայութիւնը օժտեցին այլասերման ու ձուլումին դիմադրելու անգերազանցելի միջոցներով եւ յաւերժագիր պարգեւեցին անոր։

Անոնցմէ է Կոմիտաս Վարդապետ։ Ան իրաւամբ եղաւ ազգային զուլալ երգին Մաշտոցը ։

Ժողովուրդը արդարօրէն պանծացուց յիշատակը Կոմիտասի, որուն սիրտը չտոկաց ի տես Հայոց ցեղասպանութեան Գողգոթային, դադրեցաւ բաբախելէ, բայց վերակենդանացաւ եւ յարութիւն առաւ։ Այդ յարութեան վկայութիւնն է այսօր այս հոյակերտ թանգարան-ինստիտուտը։
Այդ յարութեան վկայութիւնն են Կոմիտասեան ժողովրդական եւ հոգեւոր երգն ու երաժշտութիւնը, որոնք կը ցոլացնեն Հայ ժողովուրդին ապրումները, աննկուն կամքը եւ տենչերը։
Յարգանքով կը խոնարհինք Անոր յաւերժական յիշատակին առջեւ»։
† Ներսէս Պետրոս Ժթ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.