2015-01-29 15:16:01

Մեկնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող Պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստը


Հինգշաբթի 29 յունուարին Կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստը, զոր կը վարէ յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նիստի հրաւէրը եղած է ընդլայնուած կազմով. պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ են տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդներ:
Հանրապետութեան Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն` հրաւէրը ընդունելու եւ պետական յանձնաժողովի նիստին անձամբ ներկայ գտնուելու համար` չափազանց կարեւորելով այսպիսի ձեւաչափով նիստի իրականացումը, որ, անոր խօսքով, հնարաւորութիւն կը ստեղծէ միասին արդիւնաւէտօրէն քննարկելու համազգային նշանակութեան խնդիրներն ու միասնական որոշումներու յանգիլ:
Սերժ Սարգսեան նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուցած է, որ այս օրերուն կայացած են տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու հանդիպումները ձեռնարկներու գլխաւոր համակարգողի եւ պետական յանձնաժողովի այլ անդամներու հետ, որոնց ընթացքին քննարկուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ընթացող նախապատրաստական աշխատանքները: Անոնք պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը նաեւ վաղը` քննարկելու համար Ապրիլ 22-24-ի ծրագրերու համադրումն ու ընելիքները:
Հանրապետութեան Նախագահը իր խօսքի մէջ անդրադարձած է մինչ այժմ պետական յանձնաժողովի կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն, նիստի օրակարգի ծիրէն ներս քննարկման ներկայացուելիք կարեւորագոյն հարցերուն: Յանձնաժողովի անդամները ըստ այնմ պիտի քննարկեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի քաղաքական բովանդակութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի ընդունման հարցը, ոգեկոչման ձեռնարկներու, Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման իրաւական պահանջներու թղթածրարի մշակման աշխատանքներու մասին հարցերը: Նիստի ընթացքին տեղի կ’ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կայքէջի շնորհանդէսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.