Եգիպտոսի կառավարութիւնը հողամսեր շնորհած է նոր եկեղեցիներու շինութեան համար։
(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի կառավարութիւնը ղպտի պատրիարքութեան տրամադրութեան
տակ դրած է 30 հեկտար հող մը Գահիրէի ս. Մարկոսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ յարակից, կառոյցներու
ու գրասենեակներու շինութեան համար։ Այլ երեք հողաշերտեր շնորհած է երեք եկեղեցիներու
շինութեան համար` երկուքը օրթոտոքս ղպտիներուն եւ մէկը բողոքականներուն, մայրաքաղաքի
տարբեր թաղամասերու մէջ։ Շինարարութեան նախարարութիւնը այս լուրը հաղորդելով մատնանշեց
որ կառավարութիւնը կ՛ընդառաջէ քրիստոնեաներու հովուական իսկական պահանջներուն, յարգելով
երկրի ներկայ շինարարութեան օրէնքները։