2015-01-28 08:51:49

Մուսուլի Հայկական եկեղեցին կը հրկիզուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները հիւսիսային Իրաք գտնուող Մուսուլ քաղաքի հայկական եկեղեցին հրկիզած են։ Հրկիզուածը հայկական նոր եկեղեցին է, իսկ հին եկեղեցին տակաւին կանգուն կը մնայ:
Լուրը հաստատուած է Իրաքի Հայոց թեմին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ տեղեկացուցած է, որ նոր կառուցուած հայկական այս եկեղեցին, երկու տարի առաջ, դեռ չբացուած՝ թալանուած եւ պայթեցուած էր:
«Իսլամական պետութիւն»ը 2014ի Յուլիսին Մուսուլը գրաւեց եւ իբրեւ հետեւանք՝ քաղաքի հայերն ու քրիստոնեաները փախուստի դիմեցին դէպի ապահով շրջաններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.