2015-01-28 13:12:18

Թեհրանի մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ ի պատիւ Ամեն. եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին։


Ամենապտիւ Հոգեւոր Տիրոջ Թեհրան կատարած հուվուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Երկուշաբթի 26 Յունուարի երեկոյեան Իրեն ի պատիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական Ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցեցան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի, ներքին գործոց, փոքրամասնութիւններու, պետական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Վատիկան-Իրան յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներ եւ իրանահայ անձնաւորութիւններ։ Ստորեւ՝ այս առիթով ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ արտասանուած խօսքը։
«Թէեւ Թեհրան մեր այս երրորդ հովուապետական այցելութեան շարժառիթը՝ մեր «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծումին 60-ամեակն է, սակայն ան միաժամանակ բարեպատեհ առիթ մըն է արտայայտելու մեր բարձր գնահատանքը ոչ միայն հայ կաթողիկէ համայնքին, այլ համայն պարսկահայութեան՝ որուն ազգային, հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային, մէկ խօսքով բոլոր մարզերէն ներս կենսունակութեան պերճախօս վկայութիւններուն արձագանգը կը հասնի ինչպէս մեզի, նաե՛ւ ամէնէն հեռաւոր հայկական գաղթօճախները։
Այդ վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ Պարսկաստանի հայութիւնը, որուն բաղկացուցիչ մէկ մասն են հայ կաթողիկէ համայնքին զաւակները, կը փայլի իր հաւատարմութեամբ իր արմատներուն եւ այդ արմատներէն ծնունդ առած առանձնայատկութիւններուն՝ լեզուին, քրիստոնէական եւ տոհմիկ աւանդութիւններուն, եկեղեցասիրութեան, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներուն, որոնք գրաւականը եղած են ու կը մնան մեր գոյութեան ու գոյատեւումին։
Այդ վկայութիւնները ցոյց կու տան որ ոչ միայն մեր համայնքին զաւակներուն, այլ համայն պարսկահայութեան սիրտը կը տռոփէ համահայկական ապրումներուն ու անոնց արձագանգին կշռոյթով։
Այդ վկայութիւնները ցոյց կու տան նաեւ որ Հայաստանին մերձաւորութիւնը եւ Հայաստանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները կը զօրացնեն պարսկահայութեան յանձնառութիւնը Հայաստան-Սփիւռք վերջին համաժողովին կողմէ ճշդուած ազգային առաջնահերթութիւններու հետապնդումին մէջ։
Այդ վկայութիւնները ցոյց կու տան որ համայն պարսկահայութիւնը՝ իր եկեղեցական եւ ազգային բազմաբնոյթ կառոյցներով ու գործունէութեամբ կը վայելէ ասպնջական այս երկրին՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, պաշտօնական ու ժողովրդային շրջանակներուն համարումն ու յարգանքը, հոգատարութիւնն ու բարեխնամ ուշադրութիւնը՝ իբրեւ պարկեշտ, օրինապահ, պարտաճանաչ, նախանձախնդիր եւ լիիրաւ քաղաքացիներ։
Մեզի համար գօտեպնդիչ երեւոյթներ են այս իրականութիւնները, որոնք մեր բարձր գնահատանքին արժանի կը դարձնեն համայն պարսկահայութիւնը։
Մեր հովուական այս երրորդ այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կը հանդիսանայ առիթ մը կատարելու այս հաստատումները։
Այս առիթին համար կ'ուզենք մեր գնահատանքին միացնել մեր օրհնութիւնն ու շնորհակալութիւնները Մեր հոգեւոր եղբօր՝ Իրանի Թեմի Հայ կաթողիկէ Առաջնորդ՝ գերապայծառ Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեանին, անոր օգնական հայրերուն, գործակիցներուն, Թեմական Խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրեալ աշխատանքով եւ աջակցութեամբ այս բարեպատեհ առիթը ստեղծեցին։ Ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ նկատեցինք որ Հայ կաթողիկէ համայնքին զաւակները, վստահ ենք նաեւ քոյր համայնքներուն հաւատացեալները, կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու եկեղեցական կառոյցներուն։
Յարգարժան ներկաներ,
Այս առիթը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկին։ Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն Հայութիւնը իր եկեղեցական, համայնքային եւ ազգային բոլոր կառոյցներով՝ համախմբուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ ստեղծուած պետական յանձնաժողովէն ներս, տենդագին աշխատանքի լծուած են աննախընթաց շուքով ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Այս տարելիցը շրջադարձային դարձնելու սահմանուած միջոցառումները կոչուած են ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան յիշեցնելու 20-րդ դարասկիզբի Հայոց Գողգոթային հանգրուանները, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու հայ ժողովուրդի արդար դատին վրայ եւ անկէ պահանջելու պատմական եղելութեանց ճանաչումը եւ յանուն աստուաշնորհ անխարդախ Ճշմարտութեան ու Արդարութեան՝ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն վերականգնումը։ Համազգային այս առաջադրանքին յաջողութեամբ կենսագործումը ունի իր նախապայմանը, որ միասնականութիւնն է, մեր միասնական ու կազմակերպուած աշխատանքը։ Այս նախապայմանը իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած իւրաքանչիւր ձեռնարկին ընդմէջէն, ամէն հայկական գաղութէ ներս։
Կ'ուզեմ խօսքս աւարտել անզուգական շարականագրին առ Աստուած բարձրացուցած աղերսանքով՝ զոր կը հնչեցնենք ամէն հանդիսաւոր ծիսակատարումի ընթացքին.- «Տէ՛ր, տուր աշխարհին խաղաղութիւն, Ազգիս Հայոց Սէր, Միութիւն»։ Ոչ միայն մենք՝ Հայ ժողովուրդը, այլ համայն աշխարհ աւելի քան երբեք այսօր պէտք ունի այդ Խաղաղութեան, Սիրոյ եւ Միութեան։
Այս սրտագին մաղթանքով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կը փակեմ խօսքս, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ ցանկալով ամենայն բարիք ձեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.