2015-01-27 11:53:02

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 27 յունուարի քարոզը՝՝Մեղքը՝ հետեւանք Աստուծոյ հանդէպ անհնազանդութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 27 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատարան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց՝ թէ մեղք գործելը արգելք կը հանդիսանայ հնազանդելու Աստուծոյ եւ կատարելու Անոր կամքը։Ադամ՝ Աստուծոյ հանդէպ անհնազանդութեան պատճառաւ՝ բովանդակ մարդուկութեան փոխանցեց չարիքը։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը մօտէն անդրադարձաւ մեղքի էութեան, որ հիմնականօրէն Աստուծոյ հանդէպ անհնազանդութեան կեցուածքն է։ Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ միակ ճանապարհը Աստուծոյ կամքի կատարումն է։
Հնազանդութիւնը կը սկսի Քրիստոսով, որ իր Հօր կը հնազանդի եւ մարդկութեան փրկութեան համար աշխարհ կու գայ։ Իսկ երկրի վրայ հնազանդութիւնը կը սկսի Աստուածածին Կոյսով, որ հրեշտակին կը պատասխանէ ՙեղիցի ըստ բանի քում – քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ՚. այսինքն՝ Տիրոջ կամքը կատարուի։ Աստուածածնի տուած հաւանութեամբ Տէրը սկսաւ իր ճանապարհը աշխարհի վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տուաւ՝ ՙԱրդեօք կ’աղօթե՞մ, որ Տէրը ինծի տայ մարմաջը՝ կատարելու իր կամքը, եւ կամ արդեօք կը կատարեմ զիջումներ՝ որովհետեւ վախ ունիմ Աստուծոյ կամքը կատարելու։՚
Սրբազան Հայրը յորդորեց՝ որ պէտք է աղօթել՝ ճանչնալ կարենալու համար Աստուծոյ կամքը. պէտք է աղօթել կատարել կարենալու համար Աստուծոյ կամքը։
Եզրափակելով քարոզը Պապը ըսաւ՝ ՙՏէրը մեզի շնորհքներ կու տայ եւ օր մը մեզի պիտի ուղղէ այն խօսքը, որ լսեցինք Աւետարանին մէջ՝ ‘Ահաւասիկ մայրս եւ եղբայրներս։ Անոնք որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, անոնք են եղբայրներս, քոյրերս եւ մայրս’։ Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ անդամ կը դառնանք Յիսուսի ընտանիքին։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.