2015-01-27 13:40:08

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը վերահաստատեց, Հայ ազգի նահատակներուն նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք Սուրբ Պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու պատասխանատու` գերապայծառ Կուիտօ Մարինիի ստորագրութիւնը կրող մէկ հաղորդագրութիւնը որուն մէջ նշուած են Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուարէն - ապրիլ ամիսներու ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը­, կը վերահաստատէ թէ յառաջիկայ 12 ապրիլ 2015-ին, ''Աստուածային Ողորմութեան'' տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ­ առաւօտեան ժամը 10-ին, պիտի նախագահէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որ պիտի մատուցուի հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի առիթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի զորս ծագերէն ժամանած հայ եւ օտար հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.