2015-01-27 12:26:08

Ցեղասպանութեան յուշարձան Թեհրանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ » հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ


Ստորեւ կը ներկայացնենք Թեհրանի Ալիք օրաթերթէն քաղուած տեղեկատուական յօդուածը Ամենապատիւ Տէր Նեսրէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Իրանի հայ կաթողիկէ թեմին կատարած հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած երկու իրադարձութիւններու մասին:
Չորեքշաբթի, յունարի 21-ին, Իրան ժամանեց Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարք Տէր Ներսէս ՊետրոսԺԹ., մասնակցելու Թեհրանի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման 60ամեակի եւ Չիլոյեան հանգստեան տան 50 ամեակի միջոցառումներուն:
Այդ առիթով ուրբաթ 23 յունւարի առաւօտեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հայրապետական սուրբ Պատարագ մատուցեց «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որու ընթացքին օրուանխորհուրդի մասին քարոզեց համախմբուած հաւատակիցներուն:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ կաթողիկոս պատրիարքի ձեռամբ սուրբ միւռոնով օծուեցաւեկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը:Յուշարձանի օծումէն յետոյ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այնհանգամանքին, որ եկեղեցւոյ կողքին Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանի գոյութիւնը, կու գայ մեզ՝ Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն մէկանգամ եւս յիշեցնելու մեր արմատներուն եւ անոնցմէ բխած մեր արժէքները, մեր ինքնութեան կառչելու եւ մեզ կտակուած իրաւունքներըձեռք բերելու պահանջը:
Ապա արտայայտուեցաւ իրանահայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Արհիապատիւ հայր Նշան արք. Գարաքեհէեանը, եւ ան իրարտայայտութիւններուն ընթացքին նշեց. «Կը պահանջենք արդարութիւն, կը պահանջենք հատուցում, հատուցում արեան, հատուցում ինչքիեւ հատուցում հողի»:
Արարողութեան ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ տէր Մակար եպս. Աշգարեանը, Հայ Աւետարանականեկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Սերգէյ Շահվերդեանը եւ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հայրեր ու աշխարհականներկայացուցիչներ:
Նոյն օրը երեկոյեան, Թեհրանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախաձեռնութեամբ, Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբ) սրահուին մէջգեղարուեստական միջոցառմամբ նշուեցաւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ օծման 60 ամեակը, իսկ Չիլոյեան հանգստեան տան 50ամեակնը:
Միջոցառման գեղարուեստական բաժինին մէջ մեներգով ու զուգերգով հանդէս եկան Լուսինէ Միքայէլեան եւ Շաքէ ու ՀանրիՅարութիւնեանները, դաշնամուրով Լուիզա Աւետիսեան, ասմունքային կատարումներով Աննա Զարգարեանը, պարային կատարումներովելոյթ ունեցան «Զարթօնք» պարախմբի պարուհիները ղեկավարութեամբ՝ Լորետա Աւետիսեանի, իսկ հանդիսութեան հաղորդավարն էր՝Սոնիա Դանիէլեանը:
Միջոցառումին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ պատմականը ներկայացուց Կարինէ Խալաթեանը: Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ եկեղեցւոյ կառուցումը սկսած է 1950-ի յունիսին:
Չիլոյեան հանգստեան տան պատմականը ներկայացուց Արա Միքայէլեան, իսկգործունէութեան մասին՝ Հենրիկ Յակոբեան:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսաֆիլմի ցուցադրումով, որ պատրաստած էրԿարէն Մնացականեանը, որ ցոյց տուաւ նաեւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջԻրան կատարած այցելութենէն հատուածներ:
Վերջաւորութեան ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հրաւիրուեցաւարտայայտուելու եւ ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ընդհանրապէսիրանահայ համայնքի կապուածութեանը մասին հոգեւոր եւ ազգայինարժէքներուն: Ան նաեւ կարեւորեց Իրան Հայաստան բարիդրացիականյարաբերութիւնները:
Կաթողիկոս Պատրիարքը նշեց նաեւ որ ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի նախագահութեամբ, ՀայոցՑեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով, սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանի մէջ, եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:
Ծրագրին ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ տէր Մակար եպս. Աշգարեանը, Իրանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօրդեսպան Գրիգոր Առաքելեանը եւ դեսպանութեան դիւանագիտական աշխատակազմը, Իսլամական խորհրդարանի Սպահանի եւհարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, Թեհրանի հայոցթեմական խորհրդի, «Ալիք» օրաթերթի եւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.