2015-01-27 09:34:19

Կ'ուզեմ զԱստուած տեսնել


RealAudioMP3 Ծննդեան շրջանին, կը փափաքինք լաւ մտերմութեան մէջ գտնուինք Աստուծոյ հետ: Կ'ուզենք ուրախ եւ հաւատքով լեցուն մթնոլորտին մէջ տեսնել Յիսուսը մեր մէջ՝ իր խոնարհ քարայրին մէջ:
Դեռ աւելի, կը փափաքինք տեսնել զԱստուած մեր աչքերով: Այս օրերու ծիսական օրացոյցը մեզ կը հրաւիրէ մեր աչքերը լաւ կերպով լուալու՝ տեսնելու համար հեռուէն եկած այդ թագաւորը որ իր փառքով մեզի պիտի հասնի:
Եսայի մարգարէն կը նկարագրէ մեզի մէսիական նոր ուխտը որուն մէջ խուլերը կը լսեն Սուրբ Գիրքին խօսքերը զիրենք ազատելով խաւարային դժբախտութիւն-ներէն, կոյրերուն աչքերը կը տեսնեն: Այս ծննդեան պատրաստութեան շրջանին Աստուած կը դառնայ մեր լոյսը եւ մը փրկութիւնը, գայլ մը եւս ընելով որպէսզի մեր սրտին բաղձանքը իրականացնենք (Սաղմոս 29, 8-9):
Սուրբ Աւետարանին կոյրերը ամէն մարդուն պատկերն է որ կը մօտենան Յիսուսին փնտռելու Աստուծոյ իսկական լոյսը: Աստուծոյ յստակութիւնը նախ եւ առաջ կը լուսաւորէ Աստուծոյ ներքին կեանքը հաւատքով, որպէսզի ապագային ըլլայ կենդանի հանդիպումը Յիսուսի դէնքին հետ որով Սուրբ Երրորդութեան փառքը կը ցոլայ:
Մենք ալ այր մարդ թէ կին որ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ծնանք, ինքնաբերաբար կը փափաքինք Աստուծոյ ձայնը լսել եւ Անոր պատկերը շօշափել, բայց երբեմն այս անյայտ կեանքին առջեւ կը կորսնցնենք Աստուծոյ լոյսը եւ իսկական ճշմարտութիւնը:
Այս խաւարային վիճակին մէջ երբեք պէտք չենք կորսնցնել այդ իղձը զոր ունէին Աւետարանի կոյրերը, այլ առնելու Եկեղեցւոյ ճամբան եւ մեր անունը անոր պատմութեան մէջ արձանագրելու համար:
Աստուծոյ խօսքն է զոր մեզ կ՝առաջնորդէ Յիսուսին հաւատքի ճամբան առնելու եւ հետեւելու իրեն:
Սուրբ Գիրքը կ'աւետէր Դաւթի որդոյն գալուստը որպէս բուժարար որ պիտի բուժէ եւ մխիթարէ իր ժողովուրդը. այդ էր ճշմարտութիւնը զոր Աստուած իրականացուց իր խոստումին մէջ որ մեզի ղրկեց իր «Բանը», այսինքն իր Որդին որ կնոջմէ մը ծնաւ:
Իր ներկայութեան շնորհիւ եւ մեր մէջ գտնուելով, կրնանք Իրեն կուրօրէն հետեւիլ իր ողորմութիւնը խնդրելով: Մեզմէ կը պահանջէ որ հաւատանք իր ծայրածիր սիրոյն դառնալու համար աշխարհիս լոյսը, մեր քրիստոնէական հաւատքը ամուր պահելով:
Սիրելի ունկնդիրներ,
Փորձենք այս շրջանին յատուկ եւ կարեւոր գայլ մը ընել մեր հոգեւոր կեանքին՝ կառչած մնալու եւ զօրաւոր հաւատքով վկայել Քրիստոսի Աւետարանին եւ անձին: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.