2015-01-27 11:43:15

Կարդինալ Վելիոյի խօսքը սրբավայրերու պատասխանատուներու գիտաժողովին, փորձառութիւն եւ ողորմութիւն նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) 26-30 Յունուար 2015ին, Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Սրբավայրերու պատասխանատուներու ընկերակցութեան գիտաժողովը` ''Սրբավայրերը Քրիստոսի պատկերը'' նիւթին մասին։
Կարդինալ Վելիօ` նախագահը գաղթականներու ու թափառաշրջիկութիւն հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին, երկուշաբթի 26 յունուարի յետմիջօրէին­, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պատարագ մատուցեց եւ բացումը կատարեց սրբավայրերու պատասխանատուներու գիտաժողովին։
Իր արտասանած խօսքին մէջ Ան ըսաւ. ''սրբավայրերու հովուական աշխատանքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բաժնեկցիլ ու տարածել Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը, Տէրը կը խնդրէ ամէնուն մասնակցութիւնը իր փրկագործութեան առաքելութեան։ Մենք ամէնքս կանչուած ենք պատմելու ուրիշներուն հաւատքի մեր փորձառութիւնը եւ ուխտաւորներուն օգնելու հանդիպում ունենալու Աստուծոյ հետ։ Մենք կանչուած ենք ըլլալու քարոզիչները Աւետարանին''։
Սրբավայրերու պատասխանատուները ու անոնց գործակիցները, կանչուած են նպաստելու ուխտաւորներուն, Աստուծոյ հետ անոնց հանդիպումի իրականացումին։
Կարդինալ Վելիօ յիշեցուց, որ սրբավայրերու մէջ հովուութիւնը պէտք է սատարէ քաղաքներու մէջ կատարուող առաքելական աշխատանքին ամբողջացումին։ Կարդինալը ապա մէջբերեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մատնանշած հովուութեան նոր եղանակները մեծ քաղաքներու մէջ. առաջին` հովութեան մտայնութեան փոփոխութիւնը, աւելի պատշաճ պատասխաններ տալ կեանքի ներկայ կացութեան, ուր կը տիրէ կրօնական անտարբերութիւնը։ Երկրորդ`բազմանշանակութիւններու հետ երկխօսութիւն։ Երրորդ`ժողովրդական բարեպաշտութիւնը։ Չորրորդ` չմոռնալ քաղաքի աղքատները։









All the contents on this site are copyrighted ©.