2015-01-27 08:54:58

27 Յունուար "Հրեաներու Ողջակիզումի Յիշատակութեան " միջազգային օր։


(Ռատիօ Վատիկան) 27 Յունուարը հրեաներու ողջակիզումի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման Միջազգային Օրն է, ՝Հռչակուած ՄԱԿ-ին կողմէ, 2005 թուականին։

Իտալիոյ մէջ ՝՝Յիշատակութեան այս Օրը ՝՝ հաստատուեցաւ 2000ին, Իտալիոյ Խորհրդարանին կողմէ, որպէսզի չմոռցուին ցեղապաշտ օրէնքները, հրեայ քաղաքացիներու դէմ գործուած հալածանքը, եւ իտալացիները որոնք ենթարկուեցան աքսորի, բռնագաղթի, բանտարկութեան ու մահուան, եւ յիշելու համար բոլոր անոնք՝ որոնք նոյնիսկ տարբեր մարզերու եւ դիրքաւորումներու մէջ դէմ կեցան բնաջնջման ծրագրին, եւ իրենց կեանքը վտանգի մատնելով, ազատեցին այլ կեանքեր ու պաշտպանեցին հալածուածները։

27 Յունուարը, Եւրոպայի հրեաներու ցեղասպանպութեան ոգեկոչման համար ընտրուած թուականը կը յիշատակէ 1945-ի` 27 Յունուարը, երբ Աուշվիցի տխրահռչակ կեդրոնացման ճամբարներու դռները քանդուեցան Սովետական Միութեան զօրախումբերու կողմէ։

27 Յունուարի ոգեկոչման առթիւ կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, բանախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ խորհրդածական հանդիպումներ յատկապէս եւ մասնաւորապէս դպրոցներու մէջ՝ նախակրթարաններէն մինչեւ բարձրագոյն վարժարանները յորում կը խօսուի թէ՝ ինչ պատահեցաւ հրեայ ժողովուրդին, տարագրեալ իտալացի զինուորներուն եւ իտալացի քաղաքագէտներուն նացիական ճամբարներուն մէջ, նպատակակէտ ունենալով պահել ու պահպանել անցեալի այդ մութ շրջանի ողբերգական յիշատակը՝ որպէսզի նման դէպքեր բնաւ, ամենեւին չպատահին։

2015-ի ոգեկոչման օրուան առթիւ զանազան դպրոցներ ու կազմակերպութիւններ իրենց կազմակերպած ձեռնարկներուն ներքոյ յատուկէն կը յիշատակէն նաեւ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.