2015-01-26 14:24:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 26 յունուարի քարոզը՝
՝՝Կիներու դերը հաւատքի աւանդումի մէջ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 26 յունուարի առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզը ներշնչուած էր օրուան Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղած Բ. նամակի ընթերցուածէն (Բ. Տիմ Ա. 1-8)։
Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց կիներու դերը՝ հաւատքը աւանդելու կամ փոխանցելու առաքելութեան մէջ։ Պօղոս Առաքեալ իր Տիմոթէոս աշակերտին կը գրէ՝ ՙկը մտաբերեմ այն անկեղծ հաւատքը, որ քու մէջդ է, որ նախապէս կար քու մեծ մօրդ՝ Լաւոդիայի եւ մօրդ՝ Եւգինէի մէջ։՚ (Բ. Տիմ Ա. 5)
ՙՄայրեր եւ մեծ մայրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը փոխանցեն հաւատքը իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն։ Հաւատքը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է, որ մայրերու եւ մեծ մայրերու ջանասէր աշխատանքով յաջորդ սերունդին կ’աւանդուի։ Յիսուս ալ ուզեց ունենալ մայր մը։ Աստուածածինը մեզի կը մատուցանէ Յիսուս։ Ան նաեւ միջնորդ է հաւատքին։՚
Ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անդրադարձաւ հաւատքի պահպանման հարցերու։
Պէտք է պահպանել հաւատքի պարգեւը որպէսզի չաղաւաղուի ան։
Սրբազան Քահանայապետը հարց ուղղեց՝ թէ արդեօք մայրեր ներկայիս գիտակի՞ց են իրենց հաւատքը զաւակներուն փոխանցելու պատասխանատուութեան։
Պօղոս Առաքեալ Տիմոթէոսին կոչ կ’ուղղէ՝ ՙՊահէ՜ բարի աւանդը … Պիղծ բաներէն եւ սնոտի խօսքերէ հեռու՜ կեցիր … Քարոզէ՜ Աստուծոյ խօսքը, շարունակ յայտարարէ՜ զայն, ըլլա՜յ ժամանակին կամ տարաժամ, յանդիմանէ՜, սաստէ՜, յորդորէ՜ …՚
Սրբազան Քահանայապետը աւելցուց՝ ՙեթէ մենք իւրաքանչիւր օր մեր հաւատքին հոգ չտանինք, եւ չվերակենդանացնենք Աստուծոյ այս պարգեւը՝ հաւատքը կը նուաղի, կ’աղաւաղուի եւ կը վերածուի լոկ մշակոյթի եւ կամ ճանաչողութեան։
ՙՉի բաւեր ճանչնալ հաւատքի ճշմարտութիւնները, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այլ պէտք է ապրիլ հաւատքը։ Իսկ վախ կամ ամօթ աննպաստ են հաւատքի աճումին։՚
Պօղոս Առաքեալ Տիմոթէոսին կը գրէ՝ ՙՋանա՜ Աստուծոյ առջեւ ներկայանալ փորձուած՝ ինչպէս մշակ մը, որ ամօթով չի մնար, եւ ճշմարտութեան խօսքը ուղիղ կերպով կը ներկայացնէ։՚ (Բ. Տիմ Բ. 15)
Հաւատքը զօրութեան, սիրոյ եւ խոհեմութեան հոգի է։ Հաւատքը առեւտուրի առարկայ չէ։ Խոհեմութիւն ունենալ հաւատքի մէջ՝ կը նշանակէ՝ գիտակցիլ թէ մենք չենք կարող ընել այն ամէն բան, որ կ’ուզենք։ Խոհեմութիւն կը նշանակէ՝ փնտռել ճանապարհներ հաւատքը փոխանցելու։
Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց ըսելով՝ ՙխնդրենք Աստուծմէ շնորհքը՝ ունենալու ջինջ հաւատք մը։ Հաւատք մը, որ չի դառնար սակարկութեան առարկայ։ Հաւատք մը, զոր իւրաքանչիւր օր վերանորոգենք եւ կամ Սուրբ Հոգիէն խնդրենք՝ որ զայն վերակենդանացնէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.