2015-01-26 10:57:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եզրափակիչ քարոզը քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան աւարտին


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 25 յունուարին երեկոյեան, եզրափակելով քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի տաճարին մէջ ուղղեց իր քարոզը որուն մէջ ըսաւ՝ ''Հրէաստանէն դէպի Գալիլեա ճամբորդութիւն կատարելու ընթացքին՝ Յիսուս անցաւ Սամարիայէն։ Ան դժուարութիւն չունեցաւ տեսակցելու սամարացիներուն հետ, որոնք հրեաներէն բաժնուած էին ու անոնցմէ նկատուած էին որպէս հերետիկոսներ եւ հերձուածողներ։ Յիսուսի կեցուածքը մեզի ցոյց կու տայ , որ մեր անձը ուրիշներու հետ բաղդատելը կարող է մեզ աճեցնել։ Ճամբորդութենէն յոգնած՝ Յիսուս չի քաշուիր սամարացի կնոջմէն խնդրել՝ ''ջուր տուր ինծի, որ խմեմ''։ Անոր ծարաւը, աւելի է քան ֆիզիքական ծարաւ­, ծարաւն է հանդիպումի, բաղձանք մը` երկխօսութիւն հաստատելու այս կնոջ հետ՝ անոր կարելիութիւն տալով դարձի գալ ներքնապէս։ Յիսուս, համբերատար է, կը յարգէ իր դիմաց կեցած սամարացի կինը, ու հետզհետէ ինքզինք կը յայտնէ անոր։
Զիրար հասկնալու եւ աճելու համար սիրոյ ու ճշմարտութեան մէջ՝ հարկաւոր է կանգ առնել, բացուիլ եւ զիրար ունկնդրել։ Այսպէսով, կարելի կ’ըլլայ փորձարկել միութիւնը։ Սիւքարի կինը կը հարցնէ Յիսուսին՝ թէ ո՞րն է ճշմարիտ վայրը Աստուծոյ երկրպագութիւն մատուցանելու։ Յիսուս դիրք չի բռներ՝ ի նպաստ սուրբ լեռան կամ տաճարին, այլ էականին մէջ կը խորանայ՝ վար առնելով բաժանումի ամէն պատնէշ։ Յիսուս կը խօսի ճշմարիտ երկրպագութեան մասին.''Հոգի է Աստուած եւ Անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ երկրպագութիւն կատարեն''։
Քրիստոնեաներու միջեւ ծագած այնքան վէճեր՝ անցեալէն ժառանգուած, կարելի է գերազանցել՝ մէկդի դնելով հակաճառական կամ ջատագովական կեցուածք ու աշխատելով միասնաբար տեսնել այն ինչ, որ մեզ կը միացնէ. օրինակ` մասնակցիլ Հօր Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդի կոչին, որ յայտնուեցաւ մեզի Միածին Որդիէն, Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։
Քրիստոնեաներու միութիւնը աստուածաբանական բանակցութիւններու պտուղը չէ, ուր իւրաքանչիւրը կ’աշխատի համոզել դիմացինը՝ հիմնուած իր տեսակէտներուն վրայ։ Պէտք է ընդունինք՝ որ հասնելու համար Աստուծոյ խորհուրդին՝ պէտք ունինք իրարու, եւ իրարու հանդիպելու եւ իրարու յարմարելու՝ Ս. Հոգւոյն առաջնորդութեամբ, որ կը ներդաշնակէ զանազանութիւններն ու կը նուաճէ ընդհարումները։ Հետեւաբար, սամարացի կինը հասկցաւ՝ որ Ան որ իրմէ ջուր կը խնդրէր՝ կարող է իր ունեցած ծարաւը յագեցնել։ Յիսուս անոր ներկայացաւ որպէս կենդանի ջուրի աղբիւր, որ ցմիշտ պիտի յագեցնէ ծարաւը։

Յիսուսի խոցուած կողէն արիւն եւ ջուր դուրս եկաւ։ Ան՝ աղբիւրն է, որմէ կը բխի Ս. Հոգւոյն ջուրը, այսինքն՝ ''Աստուծոյ սէրը՝ զեղած մեր սրտերուն մէջ'', սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի ընկալումով։ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ՝ միացած ենք Քրիստոսի հետ։
Սիրոյ այս խորհուրդը բոլոր քրիստոնեաները իրար կը միացնէ եւ գերիվեր է պատմութեան հոլովոյթին մէջ տեղի ունեցած բաժանումներէն։ Այն չափով, որ մենք խոնարհաբար կը մօտենանք Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, նոյնքանով՝ կը մօտենանք իրարու։ Յիսուս հանդիպելով Սամարացի կնոջ, զայն կը դարձնէ քարոզիչ առաքեալ։ Ջրհորի ջուրէն աւելի մեծ ու կարեւոր պարգեւ մը ընդունելով՝ կինը կը թողու իր սափորը եւ կը վազէ պատմելու իր քաղաքացիներուն, որ հանդիպած է Քրիստոսին։ Յիսուսի հետ հանդիպումը, անոր վերադարձուց ապրելու իմաստը եւ ուրախութիւնը. Եւ ինք իր կարգին կ’ուզէր այդ ուրախութիւնը հաղորդել ուրիշներուն։ Այսօր յոգնած ու ծարաւի բազմաթիւ մարդիկ, մեզմէ` քրիստոնեաներէս­, ջուր կը խնդրեն։ Խնդրանք մը, որ չենք կարող մերժել։ Ամէնքս կոչուած ենք ըլլալու Աւետարանի քարոզիչներ։ Հարկ է՝ որ սերտօրէն համագործակցինք։
Սոյն առաքելութիւնը լաւագոյնս կարենալ կատարելու համար, հարկաւոր է՝ որ խուսափինք մանրամասնութիւններու մէջ մխրճուելէ, եւ հրաժարինք մրցակցութենէ։ Ամէնքս սպասաւորներ ենք՝ միակ եւ միեւնոյն Աւետարանին։
Խորհրդածութեան աւարտին՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր սիրալիր ու եղբայրական ողջոյնները ուղղեց երեկոյեան ժամասացութեան մասնակցող քոյր եկեղեցիներու եւ եկեղեցական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական խառն յանձնախումբին, որ ներկայիս Հռոմ կը գտնուի իր լիանիստ ժողովը գումարելու՝ մաղթելով անոնց արդիւնաւոր աշխատանք։
Յայտնենք, որ արեւելեան Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական խառն յանձնախումբին մաս կը կազմեն Էջմիածնի Սուրբ Աթոռէն Խաժակ եւ Յովակիմ սրբազանները, Կիլիկեան Աթոռի Անթիլիասի Կաթողիկոսարանէն Աշգարեան եւ Ալեմեզեան սրբազանները, եւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութիւնը ներկայացնող, Հալէպի թեմի առաջնորդ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.