2015-01-25 12:22:15

''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' շարժումի պատանիներու պատգամը Սրբազան Հօր։


Կիրակի` 25 յունուար 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի աւանդական Մարեմեան աղօթքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Իտալական ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' շարժումի անդամ `3 հազար երիտասարդներ, որոնք առաւօտեան մասնակցեցան ''Խաղաղութեան Կարավան'' ձեռնարկին, որուն այս տարուայ կարգախօսն է ''Խաղաղութիւնը Լուծում մըն է''։
Ապա վերոյիշեալ կազմակերպութեան երկու պատանիներ` Սարա եւ Մաթթէօ, յանուն ընկերակցութեան բոլոր անդամներուն յատուկ պատգամ մը ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին որուն հետ միասին, քահանայապետական գրասենեակի պատուհանէն, յաւարտ Մարեմեան աղօթքին, ազատ արձակեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող փուչիկներ։
''Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, մենք Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներս հոս կը գտնուինք վկայելու համար խաղաղութեան մեր իղձը ու զայն ճանչցնելու համայն աշխարհին'' ըսին Սարան եւ Մաթթէոն իրենց ուղղած պատգամին սկիզբը։

Դուն սիրելի Պապ, քաջ տեղեակ ես թէ եթէ գործիք մը չարաչար կամ սխալ կերպով կը գործածուի, կրնայ սխալ արդիւնքներ տալ, ու մենք կարիքը ունինք անձերու որ մեզի ցոյց տան գործիքներուն ուղիղ գործածութեան ճանապարհը եւ այս անձերը մեր դաստիարակներն ու մեր ծնողներն են, ինչպէս նաեւ Քու իմաստութեան խօսքերդ են որ Աստուծոյ Խօսքին շնորհիւ մեզի կը դարձնեն կարող` լաւապէս օգտագործելու մեր ձիրքերը, յառաջ տանելու համար խաղաղութեան ծրագիրը առօրեայի մեր կեանքի ընթացքին, նոյնիսկ փոքր բաներու մէջ։
Միայն միասնաբար ու համագործակցաբար աշխատելով է որ կարելի է մեր խաղաղութեան փոքրիկ ծրագիրները իրականացնել – ըսին ապա Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները, նշելով թէ այս տարուայ իրենց կազմակերպած դրամահաւաքը յատկացուած է Պուրքինա Ֆազոյի բնակչութեան ջուր ապահովելու համար ու ապա հաստատեցին թէ իրենք իսկապէս կը հաւատան թէ ''խաղաղութիւնը կարելի է միայն այն ատեն երբ բոլորս իրար զիրար որպէս ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ընդունինք''։
''Մենք կ՛աղօթենք Քեզի համար ու Քու հետդ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ քեզմէ կը խնդրենք որ ամէն մարդու սրտին հասցնես մեր այս Խաղաղութեան պատգամը'' ըսին երկու պատանիները իրենց պատգամի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.