2015-01-24 13:20:20

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Dignitas connubii'' շրջաբերականի հրատարակութեան 10-րդ ամեակի առթիւ գումարուած միջազգային համագումարի մասնակիցներուն հետ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ ` 24 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց.
Կարդինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն` Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը եւ Ճենովայ թեմին արքեպիսկոպոս, Տիկին Մարիա Տէ Լոս Անճելէս Մարէշալ` արժանթինցի բանաստեղծ եւ գրող Լէոփոլտօ Մարէշալ հիմնարկի ղեկավար ու ապա Քլեմենթինա Սրահին մէջ ընդունեց ''Արաբական եւ Մահմետական հետազօտութիւններու'' Քահանայապետական հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցները որոնցմէ ետք Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ` Նուիրեալ ու առաքելական կեանքի հաստատութիւններու ժողովի կողմէ նախաձեռնուած, Հռոմի կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու համամիութենական հանդիպումի մասնակիցներուն հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ հանդիպեցաւ Յիսուսեաններու քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանի Իրաւաբանական մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած` ''Dignitas connubii'' շրջաբերականի հրատարակութեան 10-րդ ամեակի առթիւ գումարուած միջազգային համագումարի մասնակիցներուն։
Այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց վերոյիշեալ շրջաբերականի կարեւորութեան վրա, յայտնելով, թէ անիկա ուղղուած է ոչ միայն իրաւաբանութեան մասնագէտներուն այլ նաեւ եկեղեցական տեղական դատարաններու գործիչներուն եւ թէ գործնական է եւ օգտակար է դատաւորներուն համար որպէս ապահով գործիք արագացնելու համար ընթացքը ամուսնութեան վերաբերող դատական հարցերու։
Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը` Իմաստութեան Աթոռ Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց ներկաներուն աշխատանքները ու հայցեց Սուրբ Հոգիին լոյսը ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.