2015-01-24 13:11:25

''Չկայ միութիւն՝ առանց դարձի, աղօթքի եւ սրբակենցաղ վարքի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետը ընդունելով համամիութենականութեան բանակցութեան հանդիպումի մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր պատգամը ուղղեց կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու համամիութենականութեան բանակցութեան հանդիպումի մասնակիցներուն։
Անոնց ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց ՙՀոգեւոր Համամիութենականութեան՚ վրայ, որ ոգին է միութենական շարժման, ինչպէս կը հաստատէր Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի վճռագիրը՝ ՙUnitatis Redintegratio՚ (ՙՄիութեան Վերահաստատումը՚), 50 տարիներ առաջ։
Այս առթիւ ջերմապէս ողջունելով ներկաները՝ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանք յայտնեց սոյն ձեռնարկին համար, որ առիթ հանդիսացած էր զանազան եկեղեցիներն ու հասարակութիւնները միատեղ հաւաքելու։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա արծարծեց մի քանի կարեւոր կէտեր Քրիստոնեաներու միութեան առընչութեամբ, որուն ցայտուն օրինակներէն է կրօնաւորական կեանքը։
Եկեղեցւոյ համամիութենական շարժումի նախաձեռնող կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներ իրենց կեանքի եւ հոգեւորականութեան վկայութեամբ՝ մեծապէս կը նպաստեն միութենական հոգիին։
Ս. Օգոստինոս իր կանոնները հետեւեալ խօսքով կը սկսի՝ ՙԱպրիլ միահոգի այս տան մէջ, ունենալ մէկ հոգի եւ մէկ սիրտ՝ ուղղուած առ Աստուած. ա՜յս է նախնական դրդապատճառը, որ հաւաքուած էք միատեղ։՚
Մինչեւ այսօր՝ զանազան կրօնաւորական հասարակութիւններ կը գործեն միութենական ձեռնարկին յաջողութեան համար։ Կրօնաւորական հաստատութիւններ առանձնաշնորհեալ վայրեր են քրիստոնէական զանազան ուղղութիւններու միջեւ գոյացած հանդիպումներուն։ Այս շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը օրինակ բերաւ Թէզէի եւ Պոզէի հասարակութիւնները, որոնց ներկայացուցիչները կը մասնակցէին այս հանդիպումին։
Կրօնաւորական կեանքը մեր արժանիքներու պտուղը չէ, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, այլ Սուրբ Հոգիի շնորհքը։ Ինչպէս նաեւ միութիւնը պտուղն է Սուրբ Հոգիին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ նշեց թէ՝
չկայ միութիւն՝ առանց ապաշխարութեան կամ սրտի փոխակերպման,
չկայ միութիւն՝ առանց աղօթքի,
չկայ միութիւն՝ առանց սրբակենցաղ վարքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.